2013-07-05 12:26:16

Հաւատոյ Տարի։ Համաժողով ''Կազմաւորողներու դերը ի սպաս նոր աւետարանութեան''


Շաբաթ 6 յուլիսի առաւօտեան հռոմի Պիոս Ժ. անուան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ '' ''Կազմաւորողներու դերը ի սպաս նոր աւետարանութեան'' վերտառութեամբ համաժողով մը որ կազմակերպուած է նորընծաներու եւ նուիրեալ անձերու համար նախատեսուած` 4-7 յուլիս Սուրբ Պետրոսի դամբանին կատարուած ուխտագնացութեան ծիրէն ներս։
Վերոյիշեալ համաժողովը ներշնչուած է ''նոր աւետարանութեան'' սիւնհոդոսի այն առաջարկէն թէ ''նորընծայարանները պէտք են նոր աւետարանութիւնը նկատել որպէս հիմնական կէտ կազմաւորումի գործընթացի ծիրեն ներս։''
Համաժողովի զեկուցողն է գերապայծառ Րինօ ֆիզիքելլա` Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ։








All the contents on this site are copyrighted ©.