2013-07-05 11:30:32

Կը Հաւատանք Մարմիններու Յարութեան


Սուրբ Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Եթէ մեռեալները յարութիւն պիտի չ՛առնեն, ուրեմն Յիսուս Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ, հետեւաբար ունայն է մեր քարոզութիւնը եւ ձեր հաւատքն ալ ունայն է» (Ա. Կորն. 15, 13-14):
Այս նամակին մէջ Սուրբ Պօղոս չի՛ խօսիր «մարդոց յարութեան», այլ` «մարմիններու յարութեան»: Առաքեալները այսպէսով ուզած են հաստատել հոգւոյ անմահութեան ճշմարտութիւնը, զոր անպայման պէտք է ընդունինք: Եւ որովհետեւ կրնային վախնալ, որ մարդիկ երեւակայէին` թէ մարմնին հետ հոգին ալ կը մեռնէր եւ թէ յետոյ կեանքի կը վերակոչուէր անոր հետ, հակառակ Ս. Գիրքի բազմաթիւ անցքերուն, որոնք կը փաստեն անոր անմահութիւնը, անոնք դիտմամբ հաւատոյ հանգանակին մէջ խօսեցան մի միայն մարմիններու յարութեան մասին:
Սուրբ Գիրքի մէջ` մէկէ աւելի անգամներ «մարմին» բառը կը նշանակէ բովանդակ մարդը. օրինակ, Եսայիի այս անցքը. «ամէն մարմին յարդի պէս է» (Ես. 6) եւ կամ Ս. Յովհաննէսի հետեւեալ խօսքը. « եւ Բանը մարմին եղաւ» (Ա, 14)
Կայ նաեւ ուրիշ պատճառ մը` «մարմին» բառին գործածութեան` հերքումն է Հիմենէսի եւ Փիղետի հերետիկոսութեան: Ասոնք, որոնք կ՛ապրէին Ս. Պօղոսի ժամանակ, կը խորհէին` թէ Ս. Գիրքը, յարութեան մասին խօսած ատեն, չ՛ակնարկեր մարմիններու յարութեան, այլ հոգեկան յարութեան, որ մեզ մեղքի մահէն կ՛անցնէ շնորհքի կեանքին: Արդ սուրբ Պօղոսին խօսքերը կը հերքեն այս հերետիկոսութիւնը եւ յստակօրէն կը հռչակեն մարմիններու յարութեան ճշմարտութիւնը:
Այս ճշմարտութեան ի նպաստ կան բազմաթիւ սուրբգրենական վկայութիւններ, որոնք բնականաբար պիտի ներկայանան` Ս. Գիրքը ճանչցողներու մտքին: Հին Կտակարանի ամենէն աչքառուները կը գտնուին Յովբի գրքին մէջ` «զԱստուած պիտի տեսնեմ իմ մարմինովս» (ԺԹ, 26), ինչպէս նաեւ Դանիէլի մարգարէութիւններուն մէջ. « Անոնք որոնք կը քնանան հողին մէջ` պիտի արթննան, ոմանք Յաւիտենական Կեանքի համար, եւ ոմանք ալ յաւիտենական դատապարտութեան համար (ԺԲ, 2):
Իր կարգին, Նոր Կտակարանը մեզի յստակօրէն կը խօսի մարմիններու Յարութեան մասին բազմաթիւ տեղիքներու մէջ, օրինակ, երբ Մատթէոս կը պատմէ մեր Տիրոջ վիճաբանութիւնը Սադուկեցիներուն հետ (ԻԲ, 31), եւ կամ Յովհաննէս երբ կը պատմէ Վերջին Դատասատանի մասին:
Ս. Պօղոս, պատասխանելով այս հարցման թէ «Ինչպէ՞ս մեռեալները յարութիւն կ՛առնեն», կը բացագանչէ. « Անզգամներ, չէ՞ք տեսներ որ ձեր ցանածը չի ծլիր, եթէ նախ չմեռնի. եւ երբ կը ցանէք, չէք ցաներ մարմինը այն բոյսին որ պիտի բուսնի, այլ լոկ հունտ մը, ցորենի եւ կամ ուրիշ նման բանի. եւ Աստուած անոր կու տայ իր ուզած մարմինը»: Եւ ուրիշ տեղ կ՛աւելցնէ. « մարմինը կը ցանուի ապականութեան մէջ, եւ յարութիւն պիտի առնէ անպայման (Ա. Կոր. 15, 36):
Ս. Գրիգոր ցոյց կու տայ թէ առաքեալին այս նմանութեան կարելի է աւելցնել շատ ուրիշներ. ամէն օր կ՛ըսէ ան, լոյսը կ՛անհետանայ մեր աչքին առջեւէն, կարծես մեռնէր, եւ ամէն օր նորէն կ՛երեւի, կարծես յարութիւն առնէր: Բոյսերը կը կորսնցնեն իրենց կանանչութիւնը եւ զայն յետոյ կը վերստանան, կարծես կեանքի վեռադառնային: Հետեւաբար, հունտերը կը մեռնին, փտելով, եւ յարութիւն կ՛առնեն, ծլելով:







All the contents on this site are copyrighted ©.