2013-07-05 10:04:58

Գերմանիոյ Ելեւմուտքի Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Թուրքիա Եւրոպայի Մաս Չի Կազմեր


Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Վոլֆկանկ Շէօպլէ յայտարարեց, որ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան պէտք չէ մաս կազմէ, որովհետեւ Եւրոպայի մաս չի կազմեր:
Յիշեցնենք, որ Գերմանիա, Անգարայի կողմէ հակակառավարական ցոյցերու ճնշման իբրեւ պատասխան, 28 անդամներէ բաղկացած Եւրոպական Միութեան վրայ ճնշում բանեցուց, որպէսզի Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գծով անցեալ շաբաթ նախատեսուած բանակցութիւնները յետաձգուին:
Պրիւքսէլ առնուազն չորս ամիսով յետաձգեց բանակցութիւնները, սակայն նշեց, որ Թուրքիոյ անդամակցութեան դիմաց դուռը տակաւին բաց է:
Տիւսելտորֆ քաղաքին մէջ Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրական հաւաքին ընթացքին Շէօպլէ յայտարարեց, որ «Թուրքիան իբրեւ լիարժէք անդամ պէտք չէ ընդունինք… Թուրքիա Եւրոպայի մաս չի կազմեր»:
Մերքելի քննադատները զայն կ՛ամբաստանեն Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը սեպտեմբերին նախատեսուած ընտրութեանց ընթացքին պահպանողական քուէարկողներու քուէները ապահովելու առնչութեամբ օգտագործելու համար:
Թուրքիա 1960-ական թուականներուն Եւրոպական Միութեան գործընկերի կարգավիճակ ստացաւ, սակայն 2005-ին ընթացք առած անդամակցութեան բանակցութիւնները կ՛երկարաձգուին Եւրոպական Միութեան անդամ Կիպրոսի հարցով եւ Փարիզի ու Պերլինի ընդդիմութեան պատճառով:







All the contents on this site are copyrighted ©.