Ս. Աթոռի Տնտեսական Եւ Կազմակերպչական Հարցերու Կարտինալական Խորհուրդի Նիստերը։
2 եւ 3 Յուլիս 2013-ին, գլխաւորութեամբ Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարտինալ Թարչիզիօ
Պերթոնէի, վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռի տնտեսական եւ կազմակերպչական հարցերու
Կարտինալական Խորհուրդի նիստերը։ ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը 3 յուլիսին հակիրճ այցելութիւն
մը ըրած է ժողովականներուն ու անոնց արտասանած խօսքին մէջ վերյիշած է խորհուրդի կէտնպատակներն
ու կարեւորութիւնը եւ հրաւիրած է ներկաները շարունակելու իրենց հերթական հանդիպումները։
Կարտինալական խորհուրդի հրապարակած հաղորդագրութենէն ի յայտ կու գայ թէ Սուրբ Աթոռի
2012-ի հաշուեկշիռը փակուած է առաւել 2.185.622 եւրօ շահով, մինչ Վատիկանի Պետութեան
2012-ի հաշուեկշիռը փակուած է առաւել 23.079.800 եւրօ շահով։