2013-07-04 09:32:55

Ռուսիա Մեծ Տէրութեանց Հետ Սուրիոյ Շուրջ Պայքար Չի Մղեր. Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ ռազմավարական նպատակներ չունի եւ այդտեղ այլ մեծ տէրութեանց դէմ չի պայքարիր, այլ` կը ջանայ հասնիլ քաղաքական խաղաղ լուծումի մը, որ կը գոհացնէ իրարու հակադրուած սուրիական բոլոր կողմերը: Այս մասին կը յայտնէ Khabar օրաթերթը։
Աղբիւրին համաձայն, Լաւրով յայտնած է, որ «այդ կէտէն մեկնելով` մենք սուրիական ներքին տագնապին չենք միջամտեր եւ սուրիացիներու երկու հատուած չենք նկատեր` մեզի հետ եղողները կամ միւսները, միւս կողմէ` բացայայտ եւ առանց նախապայմաններու կը դատապարտենք ահաբեկչական եւ ծայրայեղական արարքներն ու բռնարարքները, որոնք քաղաքացիները թիրախ կը դարձնեն, մանաւանդ կրօնական եւ յարանուանական ատելութեան ենթահողի վրայ կատարուած ոճիրները»:
Լաւրով ըսած է նաեւ, որ ընդդիմադիր զինեալներուն զէնք մատակարարելը սխալ է, որովհետեւ այդ քայլը Սուրիոյ խաղաղութիւն չի բերեր, ընդհակառակն` սուրիացի ժողովուրդին համար արիւնահեղութիւն եւ շրջանին մէջ կացութեան վտանգաւոր անկում կը նշանակէ:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը հաւանական նկատեց, որ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերականգնման եւ բնականոն կեանքի վերադարձի իսկական առիթ մըն է: «Հարցը դժուար է, սակայն անկարելի չէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «այն, ինչ որ պէտք է ընել, խօսքէն գործի անցնիլն է»:







All the contents on this site are copyrighted ©.