2013-07-04 12:59:01

''ՃՄՃ''-Ի Խաչն Ու Տիրամօր Սրբանկարը Րիօ Տէ Ժանէյրօ Կը Ժամանեն ։


Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը խորհրդանշող մեծ Խաչը եւ Տիրամօր Սրբանկարը շաբաթ 6 յուլիսին կը հասնին Րիօ Տէ Ժանէյրօ, ուր 23 - 28 յուլիս տեղի պիտի ունենայ երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ հաւաքը, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի մասնակցութեամբ։
Խաչափայտի եւ Տիրամօր Սրբանկարի Րիօ ժամանումին առթիւ, շաբաթ 6 յուլիսին, Րիոյի Արքեպիսկոպոս եւ Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Օրանի Թեմբեսդա, Րիոյի Սանդա Գրուզ շրջանի Սուրբ Յովսէփի անուան եկեղեցւոյ մէջ պիտի գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ թափօր մը որ մեկնելով սուրբ Յովսէփի եկեղեցիէն կը հասնի Րիօյի կեդրոնը գտնուող ''Սաօ Սեպասդիաօ'' աթոռանիստ Եկեղեցի։ Վերոյիշեալ արարողութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ միատեղ հաւաքելու բոլոր այն ընտանիքները որ իրենց բնակավայրերը տրամադրեցին հիւրընկալելու Րիօ ժամանող միլիոնաւոր երիտասարդ ուխտաւորները։
Արարողութեան աւարտին, նախատեսուած է ժամանցի եւ ուրախութեան յայտագիր մը որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Պրազիլցի եւ Լատին ամերիկացի կաթողիկէ արուէստագետներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.