2013-07-04 13:26:58

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը Արժանացաւ ֆրանսական ''Պատւոյ Լէկիոն'' ին


Անցեալ 2 յուլիսին Երուսաղէմի ԼատիններուՊատրիարք` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ արժանացաւ ֆրանսական կառավարութեան ''Պատւոյ Լէկիոնի'' շքանշանին որ իրեն յանձնեց ֆրանսայի արտգործ նախարար Լորան ֆապիուս։
ֆուատ Թուալ Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսային սուրբ երկրի քրիստոնեաներուն ի սպաս յանձնառումին եւ սուրբ երկրի մէջ գործող 40 միաբանութիւններու հանդէպ ցուցաբերած զօրակցութեան ։
Յայտնենք որ ֆուատ Թուալ պատրիարքը ֆրանսայ կը գտնուի 1 յուլիսէն մինչեւ 5 յուլիս եւ իր կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Փարիզի առաջնորդ Կարտինալ Վէն Թրուայի եւ ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նորընտիր նախագահ գերապայծառ Բուադիէյի հետ ։
Թուալ պատրիարքը հանդիպում ունեցաւ նաեւ մահմետական կրօնի ֆրանսական խորհուրդի նախագահ Մոհամմէտ Մուսսաուիի հետ։
Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը 5 յուլիսին կ՛աւարտէ իր այցելութիւնը։Ան յոյս յայտնած է որ ֆրանսան աշխատի միջին արեւելքի մէջ երկխօսութիւն հաստատելու ի նպաստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.