2013-07-04 08:22:01

Եգիպտոսի Պաշտօնանկ Եղած Նախագահը Կալանաւորուած է


Եգիպտական բանակին կողմէ ճշդուած պայմանաժամի աւարտէն ետք, եգիպտացի քաղաքացիներու ծովածաւալ բազմութիւններ հաւաքուեցան Եգիպտոսի տարածքին տարբեր հրապարակներու վրայ` սպասելով եգիպտական բանակին հրապարակելիք հաղորդագրութեան, իսկ բանակային ուժեր տարածուեցան փողոցներու մէջ` իրարմէ անջատելով Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի համակիրներն ու հակառակորդ բազմութիւնները:
Երէկ գիշերուան ժամը 10:00-ին եգիպտական բանակը վերջին զարգացումներուն շուրջ հրապարակեց իր հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կը նշուէր, որ բանակը երկխօսութեան հրաւէր ուղղեց, բայց նախագահութիւնը մերժեց: Հաղորդագրութիւնը ներկայացուց նաեւ տագնապի լուծման ճամբու քարտէսը, որուն հիմամբ կը նշուէր, որ սահմանադրութիւնը ժամանակաւորապէս կը սառեցուի, Սահմանադրական խորհուրդի նախագահը ժամանակաւորապէս կը ստանձնէ իշխանութիւնը` մինչեւ նոր նախագահի մը ընտրութիւնը, Սահմանադրական խորհուրդը երեսփոխանական ընտրութեանց օրէնք մը կ՛որդեգրէ, կը կազմուի Ազգային հաշտութեան բարձրագոյն խորհուրդ մը, որուն մէջ ներկայացուած կ՛ըլլան բոլոր կողմերը, կը մշակուի պատուոյ ուխտ մը, որ լրատուամիջոցներու ազատութիւնը կ՛ապահովէ:
Հաղորդագրութեան հրապարակումէն ետք Մուրսիի հակառակորդներուն հաւաքներուն մէջ տօնական մթնոլորտ տիրեց, իսկ Իսլամ եղբայրներու հաւաքներուն մէջ` զայրոյթի մթնոլորտ մը: Այդտեղ հաւաքուածները բացագանչեցին` «բանակի իշխանութիւնը թող տապալի»:
Երէկ, նախքան եգիպտական բանակին կողմէ ճշդուած պայմանաժամի աւարտը, բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսի հանդիպում ունեցաւ բանակի բարձրաստիճան հրամանատարութեան հետ: Պայմանաժամի աւարտէն շուրջ մէկ ժամ առաջ ընդդիմութեան լիազօր ներկայացուցիչները, Ազհարի շէյխը եւ ղպտիներու պապը մեկնեցան պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցան զօր. Սիսիի հետ: Հանդիպումին հրաւիրուած էին նաեւ Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւին` Ազատութիւն եւ Արդարութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչները, սակայն անոնք բանակին հրաւէրը մերժեցին:
Պայմանաժամի աւարտի նախօրեակին Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի կառչած մնաց իր կեցուածքներուն եւ կոչ ուղղեց` համաձայնական ժամանակաւոր կառավարութիւն մը կազմելու եւ վարչապետի անձին շուրջ քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու: Ան ըսաւ, որ «միւս դիպաշարը», որ ոմանք կ՛ուզեն պարտադրել, ժողովուրդին կողմէ մերժուած է եւ հաստատութեանց կառուցումը պիտի խանգարէ: Մինչ բանակին կողմէ քաղաքական ուժերուն առաջարկուած ճամբու քարտէսին մանրամասնութիւնները սկսան լրատուամիջոցներուն կողմէ հրապարակուիլ, եգիպտական նախագահութիւնը յայտարարեց, որ սահմանադրական օրինականութեան շրջանցումը կը սպառնայ ժողովրդավարական հոլովոյթը իր հունէն շեղել: Նախագահութենէն բանբեր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ Մուրսի կը նախընտրէ զոհուիլ ժողովրդավարութեան համար:
Լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ զինեալ ուժերը արգիլած են նախագահ Մուրսիի, Իսլամ եղբայրներու հոգեւոր պետին, անոր տեղակալին եւ շարք մը այլ պաշտօնատարներու երկրէն հեռանալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.