2013-07-03 10:17:40

Սուրիահայ 400 Ընտանիքի Նպաստներու Բաշխում


Երէկ ընթացք առին սուրիահայութեան նպաստաբաշխումի յունիս ամսուան աշխատանքները, կազմակերպութեամբ Սուրիահայութեան օժանդակութեան լիբանանահայ միջբարեսիրական մարմինին, որ ինչպէս անցնող ամիսներուն, երէկ եւս նպաստաբաշխում կատարեց Լիբանան ապաստան գտած 100 ընտանիքներու: 300 այլ ընտանիքներու նպաստաբաշխումը պիտի կատարուի յառաջիկայ շաբաթ:
Նպաստները ընդգրկեցին միջազգային կազմակերպութիւններէ ապահովուած, երեք հարիւր տոլար արժողութեամբ սննդեղէն, մանուկներու կաթ, առօրեայ հագուստներ, մաքրութեան դեղեր եւ առտնին գործածութեան տեսակաւոր ապրանքներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.