2013-07-03 13:36:21

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ռայի Պատրիարքը


Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ ազգային կարգ մը տագնապներու լուծման հեռանկարները:
Ռայի պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին` Ապրայի մէջ լիբանանեան բանակի շարքերուն մէջ արձանագրուած նահատակներուն համար:
Ռայի պատրիարքը դարձաւ Պաապտայի ճաշի հիւրը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Նշենք, որ նախագահական պալատին տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս այսօր եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ժամանէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սլէյմանի եւ լիբանանցի պետական ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ:







All the contents on this site are copyrighted ©.