2013-07-03 14:24:48

Միչեւ 4 Սեպտեմբեր Չորեքշաբթի Օրերու Հրապարակային Ունկնդրութիւնները Դադրած Են։


Չորեքշաբթի 3 յուլիսէն սկսեալ ու մինչեւ օգոստոսի վերջը ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային աւանդական ունկնդրութիւնները դադրած են, մինչ կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքները կը շարունակուին կանոնաւորապէս եւ տեղի կ՛ունենան Վատիկանէն ի բացառեալ 14 յուլիսին եւ 15 օգոստոսին նախատեսուած Մարեմեան աղօթքները որ տեղի կ՛ունենան Քահանայապետական ամարանոցէն` Գասդել Կանտոլֆոյէն։

Յատնենք որ ուրբաթ 5 յուլիսին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պիտի ներկայացուի ''Հաւատքի Լոյս'' վերտառութեամբ ֆրանչիսկոս Պապի առաջին շրջաբերական թուղթը, հրատարակուած Հաւատոյ Տարուայ առթիւ, որուն շարադրութիւնը սկսած էր Պենետիկտոս ԺԶ-ը։ Իսկ յուլիս 8-ին Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ Լամփետուզա կղզին` աղօթելու համար նաւաբեկուած ներգաղթեալ զոհերուն համար։ Արդարեւ վերջին տարիներուն, հազարաւոր անհատներ Լամփետուզայի միջոցով կը փորձեն Եւրոպա մուտք գործել ու կղզին դարձած է գաղթականութեան կեդրոնատեղի։
Նշենք հուսկ որ 22 - 29 Յուլիս 2013, Նորին Սրբութիւնը պիտի կատարէ իր Քահանայապետութեան միջազգային առաջին առաքելական Ճամբորդութիւնը Պրազիլ` մասնակցելու համար ''ՃՄՃ'' այսինքն երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ հաւաքին։ Վերոյիշեալ հաւաքը տեղի կ՛ունենայ դարձեալ Լատին Ամերիկեան երկրի մը մէջ, Պուէնոս Այրէսի մէջ կայացած երիտասարդութեան համաշխարհային օրերէն 26 տարիներ ետք ու անոր իւրայատկութիւններէն մին է նաեւ թէ առաջին անգամուան համար երիտասրադութեան համշխարհային հաւաքին կը մասնակցի Լատին Ամերիկացի Քահանայապետ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.