2013-07-03 14:17:40

Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարներու Հանդիպում։


27 - 30 յունիս Լեհաստանի մէջ կայացած Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղաներու հանդիպման աւարտին, եպիսկոպոսները հրատարակած են հաղորդագրութիւն մը որուն սկիզբը վերակոչած են ՅՊԲ երջանկայիշատակ քահանայապետի հետեւեալ խօսքերը '' Մի վախնար։ Աւետարանը քու դէմդ չէ այլ քեզի համակիր է։ Վստահութիւն ունեցիր աւետարանին վրայ որ է` Յիսուս, եւ պիտի գտնես ամուր ու մշտատեւ յոյսը։ Վստահ եղիր որ Յոյսի աւետարանը երբեք յուսախափ չի թողուր։''։
Այս յոյսի պատգամով է որ եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու քարտուղարներու հանդիպումը աւարտեց իր նիստերը որուն գլխաւոր նիւթերը եղան ''Նոր աւետարանութիւն'' եւ ''Եկեղեցին Եւրոպաի մէջ'' առաքելական թուղթի տասնամեակը Հաւատոյ տարուայ ծիրեն ներս։

''Վերջին տասնամեակին աշխարհը եւ մասնաւորապէս Եւրոպան` կրեց ընկերային, մշակութային մեծ յեղաշրջում, որուն հետեւանքով շատեր ուղեկորոյց եղած են ու իրենց քրիստոնէական հաւատքը կորսնցուցած։ Եկեղեցին թէեւ մաս չի կազմեր աշխարհին սակայն կանչուած է ըլլալու Աստուծոյ նշանը աշխարհի մէջ, ուստի անոր կոչումն է հրաւիրել մարդիկը փրկութեան ու յոյսի, յայտարարած է գերապայածառ Պերչեա` առաջնորդը Ռումանիոյ Օրատեա թեմին։

Իր կարգին սպանացի գերապայծառ Գամինօ հրաւիրեց ժողովականները խորապէս սերտելու ներկայ ընկերութեան տագնապը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը հաստատէ որ ընկերային հարցը մարդաբանական հարց դարձած է եւ հետեւաբար հոգեւոր տագնապը վճռական դեր ու ազդեցութիւն ունի Եւրոպայի ներկայ կացութեան վրայ։ Անգլիոյ եպիսկոպոսական դասի քարուղարը` գերապայծառ Սթոք իր միջամտութեան մէջ ըսաւ. ''Եկեղեցին կանչուած է շփման մէջ մտնելու այն կնքուածներուն հետ որոնք հեռացած են եկեղեցիէն։ Համբերութեամբ անսալու ենք անոնց հարցերը։ Եկեղեցին կանչուած է ճանցնել ու սիրցնել Յիսուս Քրիստոսը։''
Յայտնենք որ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարներու հանդիպումը սատարեց մօտէն ճանչնալու Լեհաստանի եկեղեցին, որ կը պատրաստուի իր քրիստոնեացումին 1050րդ տարեդարձը տօնախմբել 2016-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.