2013-07-03 10:52:18

«Ուիքիլիքս» Հրապարակեց Այն Երկիրներու Ցանկը, Որոնցմէ Սնոուտըն Քաղաքական Ապաստան Խնդրած Է


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Ուիքիլիքս» կայքէջը երէկ հրապարակած է ցանկ մը աւելի քան քսան երկիրներու, որոնցմէ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտըն քաղաքական ապաստան խնդրած է:
Մոսկուայի «Շերեմեթեւօ» օդակայանի տարանցիկ գօտիին մէջ գտնուող Սնոուտըն քաղաքական ապաստան խնդրած է Ռուսիայէն, Աւստրիայէն, Պոլիվիայէն, Պրազիլէն, Վենեզուելայէն, Գերմանիայէն, Հնդկաստանէն, Իրլանտայէն, Սպանիայէն, Իտալիայէն, Չինաստանէն, Քուպայէն, Հոլանտայէն, Նիքարակուայէն, Նորվեկիայէն, Լեհաստանէն, Ֆինլանտայէն եւ Էքուատորէն:
Յիշեցնենք, որ Սնոուտընի տրամադրած նիւթերուն հիման վրայ բացայայտուած է ամերիկեան յատուկ ծառայութիւններու գործունէութիւնը. յատուկ ծառայութիւնները մասնաւորաբար գաղտնալսումներ կատարած են Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ գտնուող 38 դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու մէջ:
Երկուշաբթի օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած էր, որ Սնոուտըն կրնայ Ռուսիոյ մէջ մնալ, եթէ ուզէ եւ «չվնասէ ամերիկեան իշխանութիւններուն»:
Նշենք, որ Սնոուտըն չի կրնար օդակայանի տարանցիկ գօտին լքել, որովհետեւ, ըստ լրատուամիջոցներու, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները անոր ամերիկեան անցագիրը չեղեալ նկատած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.