2013-07-02 12:27:16

Վատիկանի Դրամատան ''Եօր''-ի Տնօրէնն ու Փոխ Տնօրէնը Հրաժարեցան Իրենց Պաշտօնէն։ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի Հաղորդագրութիւնը։


1 յուլիս 2013-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ թէ Վատիկանի դրամատան` ''Եօր-ի'' տնօրէնը Տիար Բաոլօ Չիբրիանի եւ Փոխ տնօրէնը Տիար Մասսիմօ Թուլլի իրենց հրաժարականը ներկայացուցած են։ ''Եօր''ի վերատեսչութեան խորհուրդը եւ կարտինալական յանձնախումբը տնօրէնի պաշտօնը յանձնած են արժամեայ ''Եօր''ի նախագահ Էրնէսդ վոն ֆրէյպէրկի որուն պիտի աջակցի փոխ տնօրէնի հանգամանքով` Տիար Րոլանտօ Մարրանչի եւ Անթոնիօ Մոտարէզին։
''Յանուն ''Եօր''ի վերատեսչութեան խորհուրդին` շնորհակալութիւն կը յայտնեմ պարոն Չիբրիանիի եւ պարոն Թուլիին, տարիներու ընթացքին նուիրեալ աշխատանքին համար։'' Յայտարարած է վերատեսչութեան խորհուրդի նախագահը Տիար Էրնէսդ վոն ֆրէյպերկը։ Յայտնենք թէ ''Եօր''-ի Տնօրէնն ու Փոխ Տնօրէնը իրենց հրաժարականը ներկայացուցին վատիկանի դրամատան բարիքին համար։
Վատիկանի դրամատունը ''Եօր''-ը հիմնուած է 1942-ին քահանայապետական հրամանագիրով, ունենալով որպէս կէտնպատակ ծառայել Սուրբ Աթոռին ու համայն աշխարհի մէջ տարածուած Եկեղեցւոյ։ ''Եօր''ը ունի 114 պաշտօնեայ եւ կառավարուած է Կարտինալական Յանձնախումբէ մը, վիճակաւորէ մը, Վերատեսչութեան խորհուրդէ մը եւ ունի անշուշտ Տնօրէնութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.