2013-07-02 10:58:43

Ռուսիոյ Պատրիարքութեան Կոչը Միջազգային Հասարակութեան


Վերջերս Մոսկուայի Պատրիարքութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնած է ի տես '' Գոսովոյի իշխանութիւներուն կարողութեան, դադրեցնելու ձեղային բախումները եւ երաշխաւորելու Գոսովոյի մէջ բնակող Սերպիոյ ժողովուրդին ապահովութիւնը։
Սերպիոյ տեղեկատուական միջոցներու համաձայն անցեալ 8 Յունիս 2013 ին Գոսովոյի Բրիսդինա Մայրաքաղաքին մէջ դպրոցական հանրակառքերը քարկոծումի ենթարկուած են եւ որուն ընթացքին բազմաթիւ անձեր վիրաւորուած են։
Ռուսիոյ Օրթոտոքս եկեղեցին կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան դատապարտելու վերոյիշեալ արարքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.