2013-07-02 08:29:01

Եգիպտական Բանակի Վերջնագիրը. «Միջոցառումներ Պիտի Որդեգրենք, Եթէ 48 Ժամէն Ժողովուրդին Պահանջներուն Գոհացում Չտրուի


Եգիպտական բանակը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով վերահաստատեց եգիպտացի ժողովուրդին պահանջները բաւարարելու իր կոչը` յայտարարելով, որ «48 ժամուան պայմանաժամ կը ճշդէ իբրեւ վերջին առիթ` ստանձնելու համար բեռը երկրին դիմագրաւած պատմական պահուն, որ պիտի չներէ որեւէ ուժի, որ կը զլանայ իր պատասխանատուութեանց տէր կանգնիլ»:
«Եթէ ժողովուրդին պահանջները ճշդուած պայմանաժամին չբաւարարուին, ապա (զինեալ ուժերը) ստիպուած պիտի ըլլան յայտարարելու միջոցառումներ, որոնց գործադրութեան պիտի վերահսկէ մասնակցութեամբ բոլոր հաւատարիմ կողմերուն, ներառեալ` երիտասարդներուն եւ առանց ոեւէ մէկու անտեսումին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի տապալումը պահանջող ցոյցերը կազմակերպած «Թամարրոտ» շարժումը ողջունեց բանակին հաղորդագրութիւնը: Շարժումը նախապէս Մուրսիին մինչեւ այսօրուան ժամը 17:00 պայմանաժամ ճշդած էր իր իշխանութենէն հեռանալու` սպառնալով քաղաքացիական անհնազանդութեան դիմել:
Բանակի սպայակոյտի նախկին պետ Սամի Անան հրաժարեցաւ Մուրսիի զինուորական հարցերով խորհրդատուի իր պաշտօնէն եւ բանակին կոչ ուղղեց ժողովուրդին կողքին կանգնելու:
Մինչ այդ, չորս նախարարներ հրաժարեցան կառավարութենէն` առ ի զօրակցութիւն եգիպտական ընդդիմութեան:
Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարար Մոհամետ Մուսթաֆա Համետ յայտարարեց, որ Գահիրէի եւ նահանգներուն մէջ Մուրսիի համակիրներուն եւ հակառակորդներուն միջեւ բախումներուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացած է 16-ի, իսկ վիրաւորներունը` 781-ի:
Բանակի հաղորդագրութիւնը հակակառավարական ցուցարարներուն կողմէ մեծ ուրախութեամբ դիմաւորուեցաւ: Անոնք վերանորոգ աշխուժութեամբ հաւաքուեցան Գահիրէի Թահրիր հրապարակին եւ այլ նահանգներու մէջ` պահանջելով Մուրսիի հեռացումը:
Տիրող կացութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Եգիպտոսի մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց ինքնազսպում ցուցաբերելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.