2013-07-02 10:39:01

«Ովասիս 2013» Ամառնային Ծրագիրը Սկսաւ նոր Եռանդով Եւ Իւրայատուկ Ծրագիրներով


Շաբաթ, 30 Յունիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ովասիս 2013» ամառնային ծրագիրի անձնակազմին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին քննութեան առարկայ դարձաւ «Ովասիս»-ի ծրագիրը, աշխատանքներն ու գործընթացը: Այս առիթով, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ նշեց, որ այս տարի «Ովասիս»-ի 15-ամեակն է, եւ այս շրջագիծին մէջ պիտի իրականան 15-ամեակի իւրայատուկ նախաձեռնութիւններ, ինչպիսին է քերմէսի եւ ճաշկերոյթի կազմակերպումը:
Անձնակազմին մաս կազմող նոր անդամներուն ծանօթացումէն ետք, պրն. Կրէկուար Գալուստ ըսաւ, որ այս տարի նախկին ովասիսականներ արդէն մաս կը կազմեն «Ովասիս 2013»-ի տեսչական կազմին, ինչ որ սերնդափոխութեան եւ գոյատեւման լաւ ցուցանիշ է: Մեսրոպեանի տնօրէնը յոյս յայտնեց, որ այս տարի եւս «Ովասիս»-ը կ՛արձանագրէ նոր ոստումներ եւ առողջ ու հայեցի դաստիրակու-թեամբ կը ստեղծէ օգտակար, խանդավառ ու ուրախ մթնոլորտ:
Ապա «Ովասիս»-ի ընդհանուր պատասխանատու տիկին Գարոլին Թերզեան ներկայացուց «Ովասիս»-ի ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ աշխատանք-ներու բաժանումը: Տիկին Թերզեան մաղթեց, որ յառաջիկայ տարեշրջաններուն «Ովասիս»ը կ՛ունենայ նոր ճիւղաւորումներ եւ աշխատանքներու նոր հորիզոններ:
Իսկ այսօր, առաւօտեան ժամը 7:30-էն սկսեալ «Ովասիս 2013» ամառնային ծրագիրի մասնակից աշակերտները ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն ժամանեցին դպրոց: Ժամը 10:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին դիմաց տեղի ունեցաւ «Ովասիս»-ի ամառնային ծրագիրի բացման հանդիսութիւնը: Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք, մասնակից աշակերտները իրենց պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ մեկնեցան իրենց դասարանները, ուր սկսաւ «Ովասիս»-ի գործունէութիւնը:
Յայտնենք, որ «Ովասիս 2013» ամառնային ծրագիրը ունի փոքրերու (3-7) եւ մեծերու (8-13) խումբեր, որոնք բաժնուած են 10 դասարաններու մէջ: Իւրաքանչիւր դասարան կը կրէ պատմական Հայաստանի շրջաններու անուններ: Ծրագիրը իր աւարտին կը հասնի 24 Օգոստոս 2013-ին:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ







All the contents on this site are copyrighted ©.