2013-07-02 08:39:47

«Կարտիըն» Կը Հաղորդէ. Միացեալ Նահանգներ 38 Դիւանագիտական Առաքելութիւններ Գաղտնալսած Է


Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը` վկայակոչելով «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոտընի տրամադրած փաստաթուղթերը, կը հաղորդէ, որ ամերիկեան յատուկ ծառայութիւններու թիրախին մէջ յայտնուած են Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ գտնուող տարբեր երկիրներու առնուազն 38 դեսպանատուներ եւ տարբեր ներկայացուցչութիւններ:
2010 թուականով թուագրուած փաստաթուղթին մէջ խօսքը կը վերաբերի մասնաւորաբար Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Յունաստանի, Բրիտանիոյ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ, Մեքսիքայի, Հարաւային Քորէայի եւ Ճափոնի դեսպանատուները գաղտնալսելուն:
Նիւթերուն մէջ նաեւ տեղեկութիւն կայ ծածկագիր բառերու մասին, որոնց միջոցով ամերիկեան յատուկ ծառայութիւնները կոչած են գործողութիւնները, նաեւ կը պատմուի աշխատանքներու թեքնիք մեթոտներու մասին:
Ինչպէս բրիտանական օրաթերթը կը նշէ, փաստաթուղթերէն յստակ չէ, թէ անոնք կը վերաբերին բացառապէս Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան գործակալութեան գործունէութեա՞ն, թէ՞ ատիկա կատարուած է «Էֆ.Պի.Այ.»-ի հետ համագործակցաբար:
Լրտեսութեան մասին առաջին նիւթերը հրապարակուած էին 29 յունիսին, գերմանական «Տեր Շփիկըլ» թերթին կողմէ: 30 յունիսին Եւրոպական յանձնաժողովն ու Գերմանիոյ կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն բացատրութիւն պահանջած էին: Սպիտակ տունը պատասխանած էր, որ յատուկ ծառայութիւններու գործունէութիւնը պիտի քննարկէ միայն դիւանագիտական խողովակներով եւ հրապարակային մեկնաբանութիւններ պիտի չկատարէ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Սնոտընի դէմ քրէական գործ յարուցուած է: Վերջին տուեալներուն համաձայն, «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին գործակալը 23 յունիսէն ի վեր կը գտնուի Մոսկուայի «Շերեմեթեւօ» օդակայանի տարանցիկ գօտիին մէջ, ուրկէ չի կրնար հեռանալ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները անոր անձագիրը չեղեալ նկատած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.