2013-07-01 13:42:44

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը Եւ Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Երկուշաբթի յուլիս մէկի առաւօտեան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց` Կարտինալ Գիւրտ Գոխը, Քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդի նախագահը, ապա ընդունեց Տէզարոլլօ Միջ-ամերիկեան դրամատան նախագահ` Տիար Լուիս Ալպէրդօ Մորէնօ, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը հուսկ ընդունեց Սպանա-ամերիկեան ընդհանուր քարտուղարութեան քարտուղար` Տիար Էնրիք Վալէնդին Իկլեզիաս Կարսիա։ Մինչ յետմիջօրէին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը կարտինալ Մարք Ուելլէն։

Իսկ երէկ` կիրակի 30 յունիսին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասաած Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքէն առաջ կատարած խորհրդածութեան ընթացքին, մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, մաղթեց որ քրիստոնեաները ըլլան ''ազատ'' եւ ոչ թէ ''ստրուկներու'' նման. Յիսուս - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - չի պարտադրեր, Յիսուս հեզ է, Յիսուս կը հրաւիրէ, եթէ կ՛ուզես հետեւէ։ Յիսուս կ՛ուզէ որ ըլլանք ազատ քրիստոնեաներ եւ այս ազատութիւնը կու գայ Հօր Աստուծոյ հետ երկխօսութենէն։ Յիսուս չ՛ուզեր ոչ անձնասէր քրիստոնեաներ որ իրենց ''ես'' ին կը հետեւին եւ ոչ ալ տկար քրիստոնեաներ, առանց կամքի, որ կը հետեւին ուրիշի կամքին եւ ազատ չեն։
Եթէ քրիստոնեայ մը չի գիտեր խօսիլ Աստուծոյ հետ, չի գիտեր զԱստուած ընդունիլ իր խղճին մէջ, ազատ չէ, ազատ չէ - յարեց Սրբազան Քահանայապետը- ու ապա վերակոչեց Պենետիկտոս ԺԶ-ի ''սքանչելի օրինակը'' որ վեհանձնութեամբ հետեւեցաւ իր խղճի ձայնին եւ նոյն քաջութեամբ հրաժարեցաւ իր պաաշտօնէն։ Երբ Տէրը աղօթքի մէջ Անոր հասկցուց թէ ո՞րն էր առնուլելիք քայլը, Ան վեհանձնութեամբ հետեւեցաւ իր խղճի ձայնին որ է Աստուծոյ ձայնը որ կը խօսի սրտին։ Սրբազան Քահանայապետը ապա հայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի դառնանք այր ու կիներ ազատ խղճով. այր ու կիներ որ կարող ըլլան ունկնդրել Աստուծոյ ձայնը ու վճռակամ հետեւիլ Անոր։








All the contents on this site are copyrighted ©.