2013-07-01 14:37:14

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պիտի Այցելէ Լամբետուզան։


Յառաջիկայ 8 յուլիսին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն պիտի կատարէ իտալիոյ հարաւային շրջանը գտնուող Լամբետուզա կղզիին, որ վերջին տարիներուն դարձած է փախստականներու եւ գաղթականներու կեդրոնատեղի։

Նորին Սրբութիւնը այս այցելութիւնը կը կատարէ աղօթելու համար տեղահանութեան զոհերուն դիտաւորութեան եւ ի տես վերջերս Ափրիկէյէն գաղթականներ փոխադրող նաւու մը ընկղմելուն։ Սրբազան Քահանայապետի փափաքն է այցելել գաղթականներու կեդրոնները, խրախուսել Լամբետուզա կղզիի բնակիչները եւ ամէնուն ուղղել պատասխանատուութեան կոչ մը` օգնութեան հասնելու համար ''մեր այս եղբայր ու քորերուն''։







All the contents on this site are copyrighted ©.