2013-07-01 14:30:32

Օգոստոս Ամսուայ Ընթացքին Դադրած Կը Նկատուին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հրապարակային Ունկնդրութիւնները։


Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութեան յուլիս մէկի հրատարակած հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ թէ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները դադրած կը նկատուին օգոստոս 2013-ի ամսուայ ընթացքին եւ կը վերսկսին սեպտեմբեր 4-ին։ Մինչ կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը կանոնաւոր կերպով կը շարունակուի։ Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութիւնը կը յայտնէ նաեւ թէ 15 օգոստոսին, վերափոխման տօնին օրը, ֆրանչիսկոս Սրբազան հայրը Գասդել Կանտոլֆոյի ժողովրդապետութեան մէջ, ըստ աւանդութեան, պիտի մատուցէ սուրբ պատարագը ու ապա Քահանայապետական ամառնային պալատէն պիտի արտասանէ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը







All the contents on this site are copyrighted ©.