«Իրան Շրջանին Մէջ Չափաւորական Ընթացք Որդեգրելով Պէտք Է Պատմական Երկխօսութիւն Ծաւալէ»
Ըսաւ Ռուհանի
Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ «նկատի ունենալով, որ շրջանի մեծագոյն
երկիրն է, Իրան շրջանին մէջ պատմական երկխօսութիւն պէտք է ծաւալէ` որդեգրելով չափաւորական
ընթացք»` նշելով, որ «ուրիշներու հետ երկխօսութիւնը պէտք է հաւասարութեան մտայնութեամբ
ըլլայ` հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ շահերու վրայ»: Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան`
ան ըսաւ, որ իրանեան հասարակութեան բոլոր հատուածները մասնակից դարձան «Իրանի մէջ արձանագրուած
դիւցազներգութեան», եւ այդ մէկը յաղթանակի ցուցանիշ մըն է եւ կու գայ աւելնալու Իրանի
պատմութեան վրայ` «ստեղծելու համար այս ամբողջ վեհութիւնը»: «Վերջին ընտրութիւնները
վերացուցին բոլոր կասկածներն ու տարաձայնութիւնները` մասնաւորաբար վարչակարգի օրինականութեան
մասին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «մենք այս շրջանին մէջ առաջինն էինք, որ ընտրութիւններ
կատարեցինք, եւ վերջին ընտրութիւնները մեզի բազմաթիւ դասեր ու պատգամներ տուին, եւ ժողովուրդը
ատոր միջոցով փոփոխութիւն եւ շրջադարձ կատարելու իր փափաքը արտայայտեց»: Իրանի նախագահը
յայտնեց, որ յառաջիկայ կառավարութիւնը պէտք է մեծամասնութեամբ իրանցի ժողովուրդին պատկանի
եւ աշխատանք տանի չափաւորութեան ծիրին մէջ ու հեռու մնայ ծայրայեղականութենէն: Ան նշեց,
որ այս ընտրութիւններուն ժողովուրդին պատգամը խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը, ազգային միութիւնն
ու ազգային ներդաշնակութիւնն է: Ռուհանի ըսաւ, որ նոր կառավարութիւնը իր ընտրական
խոստումները յարգելու պարտականութիւնը պիտի ունենայ: