2013-06-29 11:09:24

Սուրիայէն Հեռացած է 17-18000 Հայ


Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները պատճառ դարձան, որ սուրիահայերու զգալի մաս մը, կամայ թէ ակամայ հեռանայ երկրէն։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի ունեցած տուեալներուն համաձայն՝ համայնքը նօսրացած է 17-18000 հայերու հեռանալալով։ Բարեբախտաբար հեռացողներուն ստուար մասը ապաստան գտած է Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ. այնտեղ գտնուողներէն շատ շատեր կը սպասեն իրավիճի բարելաւման՝ Սուրիա վերադառնալու յոյսով։
Հայաստանէն Սուրիա վերադարձած է մօտ 3000 սուրիահայ, մօտ 2000-ն ալ մեկնած է Եւրոպայի տարբեր երկիրներ, սակայն Հայաստան մնացած 8000-ին մէջ եւս կան անորոշութեան մատնուածներ, որոնք կը սպասեն իրավիճակի բարելաւման եւ անոնց հայեացքը ուղղուած է դէպի Սուրիա։ Կան նաեւ Եւրոպայի վիզային սպասող սուրիահայեր։
ԵՌԱԳՈՅՆ-ի աղբիւրներուն համաձայն՝ Լիբանան հաստատուած է մօտ 800 ընտանիք, այլ աղբիւրներու համաձայն այժմ Լիբանանի մէջ կայք հաստատած է մօտ 7000 սուրիահայ, իսկ Սուրիայէն դէպի Եւրոպա եւ այլ երկիրներ տեղափոխուած է մօտ 2000 հայ։
Հալէպ քաղաքը շրջափակուած է, հաւանաբար, եթէ շրջափակումը չ’ըլլար հայրեու հոքը երկրէն կը շարունակուէր, մեր ունեցած տուեալներով բազմաթիւ ընտանիքներ կը սպասեն ճանապարհի բացման, որպէսզի թէկուզ ժամանակաւոր կերպով Հայաստան գան։ Գամիշլիի հայկական համայնքէն մեծ թիւով արտագաղթ եղած է, այնտեղ մերթընդմերթ կը գործէ Գամիշլի-Երեւան ուղիղ չուերթը։
Այնուամենայնիւ նուիրեալ հայորդիներու շնորհիւ, Սուրիոյ համայնքը կը մնայ ամուր, ազգային դպրոցները կը գործեն՝ հակառակ տիրող դժուարին պայմաններուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.