2013-06-29 09:24:40

Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներ


Շաբաթ 29 յունիսին տիեզերական եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալները:

Ս. Պետրոս առաքեալ
Բուն անունով Սիմոն, ան Յիսուսի կողմէ Պետրոս անուանուեցաւ: Պետրոս կը
նշանակէ վէմ, ժայռ եւ Յիսուս յայտարարեց «Քեզի կ’ըսեմ՝ թէ ժայռ ես դուն , եւ այդ ժայռին
վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս...» Մատթ. 16.18:
Պետրոս այն առաքեալն էր որ Յիսուսը երեք անգամ ուրացաւ աւագ Հինգշաբթի
օրը:
Ս. Պետրոս առաքեալ գրած է երկու ընդհանրական նամակներ որոնք մաս կը կազմեն
Նոր Կտակարանին: Առաջին նամակը ուղուած է «Աստուծոյ ընտրեալներուն», այսինքն՝
քրիստոնեաներուն: Անոր գլխաւոր նպատակն է քաջալերել ընթերցողները , որոնք իրենց
քրիստոնէական հաւատքին համար հալածանքներու եւ նեղութիւններու դիմաց կը գտնուէին:
Երկրորդ նամակը ուղուած է առաջին դարու քրիստոնեաներու լայն շրջանակի մը նպատակ
ունենալով պայքարիլ սուտ ուսուցանողներու տարած աշխատանքին դէմ: Մոլորեցնող
ուսուցումներէ եւ անպարկեշտ կենցաղէ հեռու պահելու համար քրիստոնեաները, առաքեալը
կոչ կ’ուղղէ անոնց որ կառչած մնան Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի:


Ս. Պօղոս առաքեալ
Պօղոս առաքեալ, Յիսուսի 12 առաքեալներէն մէկը չէր: Բուն անունով Սօղոս կամ
Սաւուղ, հրեայ բարեկեցիկ ընտանիքի մը զաւակն էր եւ դաստիարակուած էր ըլլալու
կարծր եւ օրինապահ հրեայ մը, որ պայքարեցաւ քրիստոնէութեան տարածման դէմ:
Չորս աւետարաններուն մէջ ոեւէ ակնարկութիւն չկայ Պօղոսի մասին: Կ’արժէ յիշել թէ
Աստուածաշունչին մէջ Սօղոսի մասին առաջին ակնարկութիւնը կը տեսնենք Գործք. Առաք.
7.58-ին մէջ եւ կը կարդանք նաեւ թէ «Ստեփանոսի քարկոծումը պահանջողներէն մէկն ալ
Սօղոսն էր» (Առաքեալներուն Գործերը 8.1):
Սօղոս, որ աշակերտած էր Գամաղիէլի, եւ ունէր Հռոմէական քաղաքացիութիւն,
շարունակեց Յիսուսի հետեւորդները հալածել եւ Աւագ քահանայէն (Երուսաղէմ)
Դամասկոսի հրեայ ղեկավարներուն ուղղուած նամակներ առնելով ճամբայ ինկաւ դէպի
Դամասկոս: Սակայն Դամասկոսի մօտերը լոյս մը փայլեցաւ, որ կուրցուց զինք, եւ լսեց ձայն
մը որ կ’ըսէր «Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես»:
«Ո՞վ ես Տէր,» հարցուց Սաւուղ:
Ձայնը պատասխանեց. «Ես Յիսուսն եմ զոր դուն կը հալածես...»:
Առաքեալներու Գործերը գիրքին 9րդ գլխուն մէջ կը կարդանք Սօղոսի Դարձին մասին ու
18րդ համարին մէջ կ’ըսէ «Անմիջապէս Սօղոսի աչքերէն կարծես կեղեւանքներ ինկան, եւ
սկսաւ տեսնել: Ելաւ մկրտուեցաւ, եւ ապա կերակուր ուտելով զօրացաւ»:
Այս պատահարէն ետք Սօղոս Պօղոս կոչուեցաւ եւ նոյն ջանքով որ կը պայքարէր
քրիստոնէութեան դէմ, աշխատեցաւ քրիստոնէութեան տարածման համար, եւ կոչուեցաւ
13րդ եւ հեթանոսներու առաքեալ: Ան ունեցաւ 3 ճամբորդութիւններ եւ գրեց 14 նամակներ
որոնցմէ տասը ուղղեց եկեղեցիներու եւ չորսը անհատներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.