2013-06-29 08:50:07

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէնի Յայտարարութիւնը Զեղծարարութեան Յանցանքով Գերապայծար Սգարանօյի Ձերբակալութեան Ի Լուր


Իտալական ապահովական մարմինները փտածութեան եւ զեղծարարութեան յանցանքով ձերբակալեցին Գերապայծար Նունցիօ Սգարանօն, գաղտնի սպասարկութեան պաշտօնատար մը եւ դրամական միջնորդ մը։ Ձերբակալման գործողութիւնը կատարուած է ելեւմտական ոստիկանութեան դրամանիշերու հարցերով խմբակին կողմէ եւ Վատիկանի դրամատան մէջ դրամ լուալու հարցին շուրջ աւելի լայն հետաքննութեան ծիրին մէջ կատարուած անկախ հետաքննութեանց իբրեւ արդիւնք։
Այս մասին արտայայտուելով Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի յայտարարեց թէ ''գերապայծառ Սգարանօն մէկ ամիս առաջ պաշտօնանկ եղած էր, Եկեղեցական կանոնագրութեան համաձայն, ի տես անոր դէմ բացուած հետազօտական թղթածրարին'' ու աւելցուցած է թէ ''Սուրբ Աթոռը մօտէն կը հետեւի հարցին ապահովելով իր համագործակցութիւնը իտալական իշխանութիւններու հետ։ ''
Յայտնենք որ մի քանի օրեր առաջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի դրամատան գործունէութեան հետաքննութեան համար հինգ անդամներէ բաղկացած յանձնախումբ մը կազմած է որուն մաս կը կազմէ նաեւ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանը որ յայտարարած է թէ ֆրանչիսկոս Պապի կամքն է վերատեսել Վատիկանի դրամատան ''Եօրի'' կարգավիճակը զայն աւելի թափանցիկ դարձնելով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.