2013-06-29 12:23:13

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Որդեգրեց Ներգաղթեալներու Մասին Օրինագիծը


Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որդեգրեց դեմոկրատականներու եւ հանրապետականներու համար ներքաղաքական կարեւոր առաջնահերթութիւն նկատուող ներգաղթի բարեփոխումներու մասին օրինագիծը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ ասիկա 1980-ական թուականներէն ի վեր ներգաղթի վերաբերող օրէնսդրութեան մեծագոյն վերանայումն է:
Այժմ օրինագիծը պիտի ուղարկուի Ներկայացուցիչներու տուն, հակառակ անոր որ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պոյնըր արդէն յայտարարած է, որ պիտի փորձէ բարեփոխումներու սեփական տարբերակ մը մշակել:
Ծերակոյտի հաւանութեան արժանացած օրինագիծը թոյլ կու տայ 11 միլիոն ապօրինի ներգաղթեալներու 13 տարուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն ստանալ, եթէ այդ ընթացքին անոնք վճարեն տուգանքներն ու տուրքերը եւ չխախտեն երկրին օրէնքները:
Միաժամանակ, օրինագիծը կ՛ենթադրէ 46 միլիառ տոլարի յատկացում սահմաններու պաշտպանութեան, սահմանային հսկողութեան համակարգին եւ աշխատատեղիի ելեկտրոնային ստուգման համար:
Օրինագիծը վաւերացուած է 68 թեր եւ 32 դէմ քուէներով:







All the contents on this site are copyrighted ©.