2013-06-29 12:22:24

Հիւպատոսական Խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ԱԳՆ-ներու Միջեւ


Յունիս 28-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ եւ ԻԻՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւններու միջեւ հիւպատոսական խորհրդակցութիւններու իններորդ նիստը: Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՀ ԱԳՆ Հիւպատոսական վարչութեան պետ Վլատիմիր Կարմիրշալեան, իրանական պատուիրակութիւնը` ԻԻՀ ԱԳՆ Հիւպատոսական վարչութեան պետ Սէյէտ Հոսէյն Միր Ֆախար:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկու երկիրներու քաղաքացիներու, մասնաւորապէս` ուսանողներու, գործարարներու եւ մշակութային գործիչներու համար մուտքի վիզաներու եւ կացութեան թոյլտւութեան տրամադրման ընթացակարգերու դիւրացման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Խորհրդակցութիւններու արդիւնքով ստորագրուեց փոխըմբռնման յուշագիր եւ ձեռք բերուեցաւ համաձայնութիւն` գումարելու հիւպատոսական խորհրդակցութիւններու յաջորդ` տասներորդ նիստը 2014-ին Թեհրանի մէջ







All the contents on this site are copyrighted ©.