2013-06-29 08:50:17

''Հայ մայրը սովորական իմաստով կին չէ, դաստիարակ չէ, այլ հիմքն է այն շէնքին, ընտանիքին, որուն վրայ կը կառուցուին թէ՛ եկեղեցին, թէ՛ ազգը եւ թէ՛ հայրենիքը:'' Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս։


18 յունիս 2013-ին իր խօսքը ուղղելով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած շուրջ երկու հարիւր կիներուն, որոնք անցնող ամիսներուն ընթացքին կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ամէն երեքշաբթի հետեւեցան սերտողութեան` կրօնական ու բարոյական հարցերու առնչուած, Արամ Ա. կաթողիկոս հայ մօր կարեւոր դերակատարութիւնը շեշտելով հայ կեանքին մէջ, ըսաւ«''Խօսելով հայ դպրոցին մասին` յաճախ եւ արդարօրէն զայն կը բնութագրենք իբրեւ մարդակերտումի ու հայակերտումի դարբնոց: Այս խոր գիտակցութենէն ու յանձնառութենէն մղուած, մեր եկեղեցին ու մեր կառոյցները միշտ աջակից դարձած են հայ դպրոցին: Սակայն յաճախ կը մոռնանք, որ մարդակերտումի ու հայակերտումի հիմքը կը դրուի հայ ընտանիքին մէջ, հայ մօր առանցքային դերակատարութեամբ: Յաճախ կը մոռնանք, որ դպրոցէն աւելի հայ ընտանիքի յարկին տակ է, որ հայ աշակերտը իր կեանքի օրերը կ՛ապրի: Յաճախ կը մոռնանք, որ հայ մայրը իր զաւկին մնայուն դաստիարակն է, ինչ տարիք կամ հանգամանք ալ ունենայ ան: Արդ, որքան ճակատագրական է դերը հայ մօր'':
Իր հայրապետական պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ երկու հիմնական հարցերու: «Հայ մօր տարուան» առիթով ան նկարագրեց հայ մօր իւրայատուկ կոչումը եւ հայ եկեղեցւոյ ու ազգին սպասումը հայ մօրմէն: Վեհափառը յիշեցուց ներկաներուն, թէ«մեր կեանքին հետ աղերս ունեցող դրական կամ բացասական երեւոյթները ուղղակի կամ անուղղակիօրէն առնչուած են հայ մօր, որովհետեւ հայ ընտանիքին կերտման, կազմաւորման ու կազմակերպման գլխաւոր դերակատարը մայրն է: Հայ մայրը սովորական իմաստով կին չէ, դաստիարակ չէ, այլ հիմքն է այն շէնքին, ընտանիքին, որուն վրայ կը կառուցուին թէ՛ եկեղեցին, թէ՛ ազգը եւ թէ՛ հայրենիքը: Երբ այդ հիմքը տոկուն չէ, կը նշանակէ, որ անոր վրայ բարձրացած որեւէ կառոյց ուշ կամ կանուխ պիտի տատանի»:
Վեհափառ հայրապետը մեր կեանքին առնչուած դրական երեւոյթներուն առընթեր նաեւ մատնանշեց քանի մը բացասական երեւոյթներ: Ան ըսաւ. «Հարց կու տանք, ինչո՞ւ խառն ամուսնութիւնները սկսած են աճիլ մեր կեանքին մէջ: Ինչո՞ւ օտար դպրոց յաճախող աշակերտներուն թիւը սկսած է բարձրանալ: Այս «ինչու»-ներուն պատասխանը ուրիշ տեղ մի՛ փնտռէք, այլ հայ ընտանիքին մէջ: Արդարեւ, հայ մայրն է, որ իր փոքրիկին ձեռքէն բռնած օտար դպրոց կ՛առաջնորդէ. Հայ մայրն է, որ կոչուած է այնպիսի կրթութիւն տալու իր զաւակին, որ իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն ու բոլոր որոշումներուն մէջ չհեռանայ իր արմատներէն, իր պատկանելիութենէն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.