2013-06-28 12:50:51

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ծաւալումը Հարաւային Քուրիայի Մէջ, Ուր Անոնց Ներկայութիւնը Աելի Զգալի է Քաղաքներու Մէջ։


'Ասիայի եկեղեցի' լրատու գործակալութեան համաձայն Հարաւային Քուրիայի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը աճ կ'արձանագրէ։ Անոնք ներկայիս կը կազմեն բնակչութեան 10,3 տոկոսը։ Հարաւային Քուրիայի Կաթողիկէ եկեղեցին 2012-ին հաստատեց 17 ժողովրդապետութիւններ եւ երեք առաքելավայրեր։ Յայտնենք որ Կաթողիկէ հաւատացեալներու մեծամասնութիւնը կ'ապրի քաղաքներու մէջ։ Անոնք մեծ դեր կը կատարեն ընկերային, դաստիարակչական ու եւ մարդասիրական մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ գործօն պայքար կը մղեն մարդու իրաւունքներու, բնապահտպանութեան ու խաղաղութեան ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.