2013-06-28 12:37:29

Իրաքի Մէջ Պայթումներու Հետեւանքով Զոհուած է 22 Մարդ


Իրաքի մէջ պայթումներու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 22 մարդ: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, կը յայտնէ Reuters-ը:
Պաղտատի հիւսիսը եւ հարաւը երկու պայթիւն որոտացած է սրճարանի մը մէջ, ուր երիտասարդները կը դիտէին Ռէալ Մատրիտ-Պարսելոնայի ֆութպոլային ակումբներու խաղը: Ոստիկանութեան եւ բժշկական աշխատողներու տուեալներով` զոհուած է ութ մարդ:
Եւս երկու պայթիւն որոտացած է Պաղտատէն հիւսիս-արեւելք 50քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Պաագուպա քաղաքին մէջ գտնուող սուրճի խանութներու մէջ: Զոհուած է տասը մարդ:
Պաղտատէն հարաւ 65քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քաղաքի սրճարանի մը մօտ պայթումէն մահացած է երեք մարդ: Մէկ մարդ ալ զոհուած է ռումբի պայթիւնէն, որ փակցուած եղած է անոր ինքնաշարժին վրայ:
Վերջին շրջանին Իրաքի մէջ ահաբեկչութիւններ տեղի կ’ունենան ամէն օր: ՄԱԿ-ի տուեալներով` 2013-ի Ապրիլէն ի վեր այնտեղ զոհուած է 2000 մարդ:







All the contents on this site are copyrighted ©.