2013-06-28 12:35:16

''Գացէ՛ք Եւ Աշակետեցէք Բոլոր Ազգերը'' Երիտասարդութեան Համաշխարհային 28րդ Օր Պրազիլի Մէջ։


23 յուլիսին Պրազիլի մէջ սկիզբ կ՛առնէ Երիտասարդութեան Համաշխարհային 28րդ Օրը որ կը նշուի Պրազիլի մայրաքաղաք` Րիօ Տէ Ժանէյրօյի մէջ 23 -28 յուլիս եւ որուն կարգախօսն է ''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը''։ Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Սդանիզլաւ Րիլքօ որ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու կազմակերպիչ խորհուրդի նախագահն է յայտնած է թէ երիտասարդութեան այս 28րդ հաւաքը տեղի կ՛ունենայ դարձեալ Լատին Ամերիկեան երկրի մը մէջ, Պուէնոս Այրէսի մէջ կայացած երիտասարդութեան համաշխարհային օրերէն 26 տարիներ ետք եւ առաջին անգամ ըլլալով Լատին Ամերիկացի Քահանայապետի մը ներկայութեամբ։ Կարտինալ Րիլքո` ընդգծած է երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ ծաւալուն հորիզոնը մեկնելով անցեալ տարուայ Եպիսկոպոսներու 13-րդ սիւնհոդոսական ժողովէն, նոր աւետարանութեան մասին, եւ Պենետիկտոս ԺԶ-ի հռչակած ''Հաւատքի Տարիէն'', տօնախմբելու համար Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի 50 ամեակը։
Կարտինալ Րիլքոն յոյս յայտնած է որ '' աշխարհակայնացումի ենթարկուած արեւմտեան երկիրներէ ժամանած երիտասարդները կարենան Պրազիլի մէջ գտնել ''երիտասարդ'' հաւատքի վկայութիւն մը լի խանդավառութեամբ, խանդավառութիւն որ յատկանիշն է Լատին Ամերիկայի երկիրներուն, որովհետեւ - աւելցուցած է Կարտինալը - ինչպէս կ՛ըսէր Պենետիկտոս ԺԶ ''երիտասարդութեան համաշխարհային օրը իսկական եւ ազդեցիկ դեղահատ մըն է հաւատալու ուժասթափութեան դէմ'' ։








All the contents on this site are copyrighted ©.