2013-06-27 12:13:43

Նախագահ Սարգսեան Բարձր Գնահատեց Լեհաստանի Հետ Հաստատուած Դարաւոր Յարաբերութիւնները


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքիի անունով իրեն ի պատիւ տրուած պաշտօնական ընթրիքին ընթացքին յայտնեց, որ հայ եւ լեհ ժողովուրդները կը միաւորէ նաեւ փոխադարձ համակրանքը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր բաժակաճառին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան համար, ապա անդրադարձաւ դարերու խորքէն եկող հայ-լեհական բարեկամութեան, պատմական սերտ առնչութիւններու վրայ կառուցուած միջպետական յարաբերութիւններուն եւ Լեհաստանի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ աշխուժ դերակատարութիւն ունեցող լեհահայ համայնքին ու հայ-լեհական յարաբերութիւններու հեռանկարին: Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ երկու երկիրները կը միաւորեն ժողովրդական խառնուածքի բազմաթիւ գիծեր, ինչպէս` մարդամօտութիւնը, խարազանող ինքնաքննադատութիւնը, լաւագոյն բարձունքներու հասնելու ձգտումը:
Ան ընդգծեց, որ պատմական սերտ առնչութիւններու վրայ կառուցուած եւ այսօր արդէն 20-ամեայ պատմութիւն ունեցող Հայաստանի միջպետական յարաբերութիւնները կը բնորոշուին բարձր մակարդակով եւ բովանդակային խորութիւն ունեցող քաղաքական օրակարգով: Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ վերջին շրջանին նշանակալիօրէն աշխուժացած են բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները` նախագահներու, վարչապետներու, արտաքին գործոց նախարարներու, ինչպէս նաեւ պետական այլ նախարարներու մակարդակով:
Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ օգտագործուի տնտեսական մարզին մէջ չօգտագործուած մեծ ներուժը: Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ Լեհաստան վստահելի գործընկեր մըն է Հայաստանի համար` հանդիսանալով Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքականութեան նախաձեռնող երկիր մը, որ կը սատարէ Հայաստանի` Եւրոպայի հետ մերձեցման ջանքերուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.