2013-06-27 12:25:31

Իսլամութեան Հետ Երկխօսութիւն Կազմակերպութեամբ Միջկրօնական Երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Եւ Մահմետական Միջազգային Խորհուրդի


Իսլամութեան հետ երկխօսութիւն կազմակերպութեամբ Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի եւ մահմետական միջազգային խորհուրդի։
18 եւ 16 յունիս 2013ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ իսլամ-կաթողիկէ կապի կոմիտէի 19-րդ հաւաքը ''երկխօսութիւն իսլամութեան հետ'' նիւթով։ 26 յունիսին հրատարակուած տեղեկագիրէն ի յայտ կու գայ որ ժողովականները յատկապէս իրենց խորհրդածութիւնը կեդրոնացուցին նիւթապաշտութեան եւ աշխարհակացումի հարցը ընկերութեան մէջ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը զանոնք ընդունելով քաջալերեց ժողովականները շարունակելու իրենց ջանքը պտղաբեր երկխօսութեան մը համար հաւատացեալներու միջեւ մարդկութեան խաղաղութեան ու բարօրութեան համար։ Յայտնենք որ այս ժողովը առիթ ընծայեց խստիւ դատապարտել Սուրիոյ կացութիւնը եւ կոչ ուղղել շրջանային ու միջազգային իշխանութիւններուն ամէն ճիգ թափելու վերջ դնելու արիւնահեղութեան։ Յառաջիկայ ժողովը նախատեսուած է գումարել Մարոգի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.