2013-06-27 12:26:55

Գերապայծառ Թոմազիի Միջամտութիւնը Մակի Փախստականներու Գերատեսչութիւն 57րդ Հաւաքին։


Չորեքշաբթի 26 յունիսին Սուրբ Աթոռի Մակի մօտ մնայուն դետ` գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի մասնակցելով Ժէնէվի մէջ կայացած Մակի Փախստականներու Գերատեսչութիւն 57րդ Հաւաքին իր ունեցած ելոյթին մէջ մատնանշած է թէ ''Բռնութիւնը կրկին կ'արտադրէ հարիւր հազարաւոր բռնի տեղահանութիւններ'' եւ թէ ''Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը ափսոսանքով կը նշմարէ թէ, գաղթականներու թիւը բազմապատկուած է ամբողջ աշխարհի մէջ այս վերջին տասներկու ամիսներու ընթացքին:''
Գերապայծառ Թոմազի ակնարկած է թէ ''գաղթականներու աճը կախում ունի զինեալ հակամարտութիւններէն որ կը շարունակուին եւ Պետութիւններուն ու միջազգային հանրութեան անտարբերութենէն դիմելու երկխօսութեան ու հասնելու քաղաքական խաղաղ լուծումներու։ ''Այս ողբերգրական իրավիճակը կը փաստէ թէ պատերազմով ամէն ինչ կը կորսուի եւ միայն խաղաղութեան դիմելով որ կարելի է կերտել համերաշխ ապագայ մը։'' Հաստատած է Վատիկանի դիւանագէտը։








All the contents on this site are copyrighted ©.