2013-06-26 12:18:23

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը ''Եկեղեցին` Սուրբ Հոգիի Տաճար''։


Չորեքշաբթի 26 յունիսի առաւօտեան ժամը 10,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ անոնց արտասանած իր ճառին մէջ խօսքը կեդրոնացուց Եկեղեցին խորհրդանշող մէկ ուրիշ պատկերի վրայ այն է ''տաճար սուրբ հոգւոյն։'' Այս կը նշանակէ թէ Եկեղեցին Աստուոյ տունն է -ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ Եկեղեցին ''Անոր ներկայութեան վայրն է, վայրը ուր կարելի է Անոր հանդիպիլ։''
Նորին Սրբութիւնը ապա շարունակեց ըսելով` ''Սուրբ Հոգին իսկապէս կը բնակի Եկեղեցւոյ մէջ, զայն կ՛առաջնորդէ ու անոր կ՛աջակցի։ Այս տաճարը սակայն մարդու ձեռքով չէ կառուցուած այլ գործն է Աստուծոյ. Ան է որ զայն կառուցեց որպէսզի կարենայ մեր մէջ ապրիլ։ Հոգեւոր տաճար մըն է հիմնուած անկիւնաքարի մը վրայ որ նոյնինքն Քրիստոսն է եւ որուն մեզմէ ամէն մէկը կենդանի քարեր ենք։ Այս քարերէն ամէն մին անհրաժեշտ եւ օգտակար է շինարարութեան համար։ Եթէ անոնցմէ մէկը պակսի Եկեղեցւոյ գեղեցկութիւնը կ՛աղավաղի։ Ըլլանք ուրեմն ողջ քարեր, սերտօրէն միացած Քրիստոսի եւ մեր եղբայրներուն, Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։
Արտասանած ճառին աւարտին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող բազմահազար հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։ ''Ամէն մէկուն կը մաղթեմ որ այս հանդիպումը ներշնչէ քաջալերանք` խանդավառութեամբ տարածելու Քրիստոսի բերած փրկարար պատգամը'' ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով իր խօսքը ու ապա տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.