2013-06-26 12:22:34

Սուրիահայերու Օգնութեան Ամերիկեան Հիմնադրամը Արդէն 500 Հազար Տոլար Փոխանցած Է


Անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնադրուած Սուրիահայերու օգնութեան հիմնադրամը արդէն 500 հազար տոլար փոխանցած է: Կազմակերպիչները յաջողած են 100 հազար տոլար եւս հաւաքել` երկու շաբաթ առաջ Հոլիվուտի մէջ տեղի ունեցած բարեգործական համերգին ընթացքին:
Գումարները կ՛ուղարկուին Սուրիոյ ոչ առեւտրական հայկական կազմակերպութիւններու դաշինքին, որ օգնութիւն կը բաժնէ սննդամթերքի, հագուստի, շինանիւթերու տեսքով եւ բժշկական օգնութիւն կը տրամադրէ: Ըստ հիմնադրամի ներկայացուցիչ Զաւէն Խանճեանի, յունուարին հայկական Սուրբ ծննդեան ժամանակ խումբը կանխիկ օգնութիւն բաժնած է 5000 ընտանիքներու: Աւելի՛ն, տագնապին ստեղծուելէն առաջ Հայ օգնութեան միութիւնը հաւաքած էր 100 հազար տոլար` հայկական դպրոցներուն համար:
Սակայն հիմնադրամը հայերուն չ՛օգներ տեղափոխուելու համար: «Մենք կը ցանկանք, որ հայերը այնտեղ մնան», պարզաբանեց Հայ օգնութեան միութեան նախագահ Լենա Պոզոյեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.