2013-06-26 13:35:21

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ


Միայն զէնքի ու բռնութեան կիրառումով չ՛ըլլար կօիւը հակառակորդներու միջեւ։ Տարբեր աստիճանաւորումներ կան կռիւ մղելու:
Խօսքի կռիւը, կամ բանավէճը, երբեմն այնքան սուր պայքարի կը վերածուի, որ միտքի տրամաբանական զարգացումով ընթանալու փոխարէն, նախատինքի ու հայհոյութեան կը վերածուի: Ապա, սուր բանավէճ մը կրնայ նաեւ ձեռքի կռիւի փոխակերպուիլ, երբ յանկարծ այդ հակառակորդները իրարու հանդիպին առանձին կամ՝ հրապարակային վայրի մէջ:
Հակառակորդներ առհասարակ քննութեան կ՛ենթարկեն միւսին կարողութիւնը: Ասոր ամէնէն պարզ օրինակը, երկու երկիրներու միջեւ հաւանական պատերազմի նախօրեակին կատարուած ռազմական քննութիւնն է: Ներկայ յառաջադէմ աշխարհի լրտեսական գործիքներով, արբանեակային կենդանի նկարահանումներով, անօդաչու ինքնաթիռներու արագ սաւառնումներով, հակառակորդ երկիրներ կը լրտեսեն միւսին ունեցած ոյժը, ռազմական տարբեր բաժանմունքները, ճակատամարտելու հնարաւորութիւնները եւ այլ կարելիութիւնները:
Բանավէճով կռուելու պարագային, ինչքան ալ ծանօթ ըլլան իրարու երկու հակառակորդ անձերը, կռուի ընթացքին ի յայտ կու գայ անոնցմէ իւրաքանչիւրին կարողութիւնը, համաձայն անոնց իմացական փայլութեան:
Երբեմն մէկու մը գրութիւնը, պարզապէս երգիծական գրութեամբ կը պատասխանուի հակառակորդին կողմէ: Սա շատ վտանգաւոր պահ է, որովհետեւ կրնայ գրչապայքարի հասցնել...ապա նաեւ գրչի մակարդակի անկումի որմէ ալ կը ծնի թշնամութիւն ...
Կռիւի տեսակներուն մէջ ամէնէն ծանրը ու ամէնէն մասնագիտականը, ռազմական գործողութիւնները նկատուին: Սակայն, անոնք միայն արեան հեղումի ու նիւթական քանդումներու ու վնասներու հետեւանքներով արձանագրուած արդիւնքներ կու տան:
Կայ աւելի ծանր ու աւելի մասնագիտական կռուատեսակը, որ հոգեբանական կռիւն է: Օրինակ Ըմբշամարտի պարագային հոգեբանական կռիւը կը սկսի այն պահուն, երբ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ջանայ ընկճել դիմացինը, իր խոր նայուածքով մտնելով անոր հոգեկան աշխարհէն ներս: Տեսնուած է յաճախ, որ ըմբշամարտի մրցադաշտ մտնողներէն մէկը, հակառակորդի աչքերուն մէջ «կը կարդայ» անոր տկար կէտը, ու առաջին իսկ հարուածով կը գտնէ անոր թոյլ կողմը եւ անդադար հարուածելով, կը զգետնէ զայն:
Կենդանական աշխարհին մէջ շատ բացայայտ երեւոյթ է ասիկա: Որսորդ առիւծին դիմաց երկչոտ եղնիկը անգամ, երբ անել կացութեան մատնուի ու զգայ թէ փախուստի ոչ մէկ հնարաւորութիւն կայ, իբրեւ վերջին փորձ, իր ամբողջ ուժերը հաւաքելով, կը ջանայ կոտոշներով վախցնել իր վրայ յարձակողը: Վստահաբար այդ պահուն անոր զգացած սարսափը անչափելի է, սակայն կեանքը պաշտպանելու իր մեծագոյն ճիգը ի գործ կը դնէ ան, քանի որ կենդանական իւրաքանչիւր տեսակ, իրեն յատուկ ինքնապաշտպանական «զէնք» ունի. ՜՜ կոտոշներ, փուշ, թունալից հեղուկ, յատուկ ատամներ, փաթթուելու ու խեղդելու մկաններ ու այլ ինքնապաշտպանութեան եւ որսի միջոցներ՝՝։
Մարդոց միջեւ կռուի պարագային, երբեմն խիղճը իր բարերար դերակատարութիւնը կ՛ունենայ: Ամէն մարդ ուրիշին վնասելու դիտում չունենար, նոյնիսկ անոր հետ թշնամանալէ ետք: Ոմանք անտեսումի քաղաքականութիւնը կ՛որդեգրեն իրենց թշնամիներու նկատմամբ, ո՛չ թէ անպայման վախնալով անոնց ոյժէն կամ հակառակութենէն, այլ՝ պարզապէս անոնց վնասելու դիտում չունենալու պատճառով. եւ ասիկա լաւագոյն լուծումն է, առաջքը առնելու համար հաւանական արիւնահեղութեան: Ամէնէն վայրագ ու կատաղի շուներն անգամ, հոգեբանական նոյն կռիւին մէջէն պարտուած դուրս կու գան, երբ տեսնեն թէ իրենց հակառակորդը փայտը լքած, անտարբեր կանգնած է, կամ հանդարտ քայլերով կը հեռանայ, անտեսելով իր լորձնաշուրթն հաջոցները:

Քաղուած՝ Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան







All the contents on this site are copyrighted ©.