2013-06-26 12:53:22

Գաղտէացիներու Պատրիարքը Հակառակ Է Որ Սուրիոյ Ընդդիմադիրներուն Զէնք Յանձնուի` Սուրիոյ Տագնապին Լուծումը Պէտք Է Ըլլայ Քաղաքական։


Սուրիոյ տագնապէն դուրս գալու համար հարկաւոր է որոնել քաղաքական լուծում մը, յայտարարած է գաղտէացիներու պատրիարքը` գերերջանիկ Սագօ։ Իրագի պատրիարքին գնահատումով ընդդիմադիրներուն զէնքի յանձնումը, արեւմտեան երկիրնու կողմէ, կը սատարէ Սուրիան անել կացութեան մատնելու, մատնանշելով որ ցորքան ակռայ ակռայի դէմ սկզբունքը վաւեր է զէնքով կարելի չէ լուծել Սուրիոյ տագնապը։ Պ
ատրիարքը կը շարունակէ հակառակիլ ընդդիմադիրներուն զէնքի յանձնումի գաղափարին եւ կոչ կ`ուղղէ որպէսզի միջազգային հասարակութիւնը աշխատի ազգային հաշտութեան ի խնդիր։ Ան դիտել կու տայ որ Սուրիոյ զինեալ ընդհարումը հետզհետէ անկայուն կը դարձնէ Միջին Արեւելքը։ ''Մեծ պետութիւնները չեն կարող պարտադրել հանրավարութիւնը եւ ոչ իսկ զէնքի ոյժով'' ըսաւ Պատրիրքը ու ցաւով դիտել տուաւ որ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ միմիայն աղքատ քրիստոնեաներ մնացած են մինչ հարուստներն ու մտաւորականները արդէն բնակութիւն հաստատած են այլուր։








All the contents on this site are copyrighted ©.