2013-06-25 11:52:10

Քրիստոնեայ Յոյսը Եւ Չարը


Մեղքը աղաւաղեց Աստուծոյ պատկե-րը մարդուն մէջ: Ան տեսաւ ,ծառին պտուղը համով է, հաճելի է՝ աչքերուն ու փափաքելի՝ իմաստութիւնը ստանալուե: Ան վարժուեցաւ կենակցելու մեղքին հետ: Ան նախընտ-րեց խաւարը լոյսին: Մեղքը պատճառ դարձաւ մարդուն այլասերման եւ պատերազմներու ժո-ղովուրդներու միջեւ:
Չարը չի գար Աստուծմէ՝ բացարձակ Բա-րիէն: Անոր գոյութեան պատճառը Բարիին բացակայութիւնն է, ինչպէս պաղին՝ գոյու-թիւնը՝ ջերմութեան բացակայութենէն: Ա. Այ-նըշդայն պատասխանեց իր դասախօսին, որուն համաձայն. Աստուած, որպէս Արարիչ, ամէն բանի պատճառն է, ուրեմն նաեւ չարին: ,Չարը կը պատահի երբ մարդիկ հեռանան Աստուծոյ Սէրէնե: Ս. Օգոստինոս հաստատեց հետեւեալ աստուածախօսութիւնը. ,Աստուած բացարձակ Բարին է: Չարը կամ գէշը, Անոր բացակայութիւնն էե: Աստուած պատասխա-նատու չէ էղբայրասպան պա-տերազմներուն, ոչ ալ աղէտներուն կամ ող-բերգութիններուն:
Չարին մասին եղած հարցումներուն պատասխանը պարզ է. չարին յաղթանակին պատճառը անգործութիւնն է կեղծ ,խոհեմ-ներուե, կեղծ ,բարիներուե: Չարը հետեւանքն է մարդուն անհնազանդութեան Աստուծոյ կամքին: Ապականումը արդիւնքն է անոնց, որոնք, վախէ տարուած, անձնասէրօրէն, տա-ղանդները կը թաղեն հողին մէջ: Մարդը, լսելով Սատանային խօսքը, մերժեց աստ-ւածային օրէնքը: Այսպէս, մարդկութիւնը ինկաւ մեղքին, չարչարանքին, ստրուկութեան եւ մահուան մէջ. ,ան որ մեղք կը գործէ, ստրուկ էե (Յովհ. 8, 34) :
Մարդուս ընտրած կուռքերը, բացարձակ ինքնավարութիւնը, անձնասիրութիւնը, ագա-հութիւնը, յարաբեարապաշտութիւնը... մեր-ժումն են Աստուծոյ գերիշխանութեան :
Ստեղծագործութեան նպատակն է փա-ռաբանել Աստուած Իր յայտնած Սիրով, գոր-ծերով, մեծութեամբ եւ ամենակարողութեամբ: Ան կ’ապահովէ Տիեզերքին կարգ կանոնը. ,Այսպէս կ'ըսէ Տէրը. Ան որ արեւը հաստատեց օրուան լոյսին համար, եւ գիշերուան լոյսին համար լուսինին... Անոր անունը Եհովա Սարաւովթ է: Եթէ այս կանոնները իմ առջեւէս դադարին, կ'ըսէ Տէրը, Իսրայէլի սերունդն ալ իմ առջեւս միշտ ազգ ըլլալէն պիտի դադրիե (Երեմիա 31, 35-36) :
Աստուած մեզ ազատ ստեղծեց եւ առիթ տուաւ փաստելու մեր սէրն ու փարումը Իր կամքին, որ միայն մեր բարիքը կը փնտռէ: Աստուած մեզ ստեղծեց առանց հարցնելու մեր գաղափարը, սակայն չի փրկեր առանց մեր մասնակցութեան: Ան այնքան կը սիրէ որ մեր ազատութիւնը կը յարգէ: Ան երջանկութեան ճանապարհը ցոյց կու տայ, եւ մեզի միջոցները կը հայթայթէ անոր հասնելու համար: Ան մեզ կը թողու որ առանձին քալենք կեանքի Գող-գոթային վրայ՝ ընկերանալով մեզի եւ յաճախ մեզ կրելով իր սրտին մէջ. ,Հոն ուր մեղքը բազմացաւ, շնորհքն, (Սէրն)ալ, առատացաւե (Հռ 5, 20): Ան տուաւ մեզի այս երկրաւոր կեանքը որպէս անցք մը՝ վաստակելու համար յաւիտենական կեանքը. ,Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն մարդ որ հաւատայ Անոր, չկորսուի, այլ՝ ընդունի յաւիտենական կեանքըե (Յով 3, 16) :
Յիսուս մարմնացաւ եւ դարձաւ Էմ-մանուէլ, Աստուած մեզի հետ: Մեր մեղքերուն համար մեռնելով Խաչին վրայ, Ան յարութիւն առաւ մեզ արդարացնելու համար: Իր մահով մեզ փրկեց եւ մեզի ապահովեց յաւիտենական կեանքը. ,Ան է Գլուխը մարմինին, այսինքն՝ Եկեղեցւոյ: Ան սկիզբն է, Անդրանիկը մեռել-ներէն. եւ հարկ էր որ գլխաւորութիւն ընդունէր ամէն բանի մէջ, որովհետեւ Աստուած հաճեցաւ Անոր մէջ բնակեցնել ամէն կատարելութիւն, եւ Անով հաշտեցնել Իրեն հետ բոլոր արարած-ները ... խաղաղութիւն կնքելով անոր խաչին արիւովե (Կող.1 18-20) :
Յարութեամբ, Քրիստոս մեզի միշտ յու-սալու շնորհքը կու տայ: Մեղաւոր մարդս ան-գամ կրնայ Խաչեցեալ եւ Յարուցեալ Քրիստո-սին սեւեռել: Ան կը հաւատայ, որովհետեւ ,հա-ւատքը կը փրկէե (Մատթ. 9, 22): Խոկումը Քրիս-տոսի Խաչին խորհուրդին մասին մեզի քաջու-թիւն կու տայ սրտերը բանալու անոր առջեւ որ նախ ինքը մեզ սիրեց եւ ուզեց ներկայ ըլլալ Խորհուրդներուն մէջ: Ան, յոյսով եւ հաւատքով, Սուրբ Հոգիին ներկայութեամբ, կը յաղթէ չա-րին: Պարուրուած Քրիստոսի ներող սիրով, Մարդը կրնայ գործել, կրել Աստուծոյ դրոշմը եւ ապրիլ ուրախ, հակառակ առօրեայի խաչերուն:
Յոյսի այս ուժականութիւնը մեզ կը շարժէ եւ կը յառաջացնէ առանց վհատելու: Յոյսը կը սնանի հաւատքով, որ կը կենդանանայ յոյսին մէջ, այն հաւաստութեամբ որ ամէն ճանապարհ կ'առաջնորդէ երկնաւոր Հօր:







All the contents on this site are copyrighted ©.