2013-06-25 11:46:12

Սուրիացի Ընդդիմադիրները Սպաննած Են ֆրանչիսկեան Հայր ֆրանսուա Մուրատ։ Արեւելեան Ժողովի Յայտարարութիւնը։


Կիրակի 23 յունիսին սուրիացի ընդդիմադիրները խուժելով ֆրանչիսկեան հայրերու վանքը Ղասանիէի մէջ` Հոմս քաղաքին մօտ, սպաննածեն հայր ֆրանսուա Մուրատը ու կողոպտած են դարաւոր վանքը։
Ս. Երկրի ֆրանչիսկեաններու պահակ` հայր Բիցապալլայ այս ողբալի լուրը հաղորդելով մատնանշած է որ դարերէ ասդին վանքը իր մարդասիրական օգնութիւնը բերած է բնակչութեան, առանց որեւէ խտրականութեան։ Սուրիոյ ֆրանչիսկեաններու պատասխանատու հայր Նուժայմ յայտարարած է ''կ'ուզեմ որ աշխարհը իմանայ ու Արեւմուտքը պաշտպան կանգնելով սուրիացի կրօնամոլ ընդդիմադիրներուն կը սատարէ սուրիացի քրիստոնեաներու սպաննութեան։ Ան յիշել տուած է որ ամիսներէ ասդին ընդդիմադիրները պատանդ կը պահեն երկու քահանաներ ու երկու եպիսկոպոսներ, որոնց մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ։''

Հայր ֆրանսուա Մուրատի սպաննութեան ի լուր Արեւելեան Եղկեղեցիներու Ժողովը իր ցաւն ու ընդվզումը յայտնած է ''ի տես անարդար բռնութեան դէպքին'' յոյս յայտնելով որ այս արարքը ''արթնցնէ հակամարտնչող կողմերու պատասխանատուներու եւ միջազգային հասարակութեան խիղճերը որպէսզի դադրին զէնքերը եւ արդար հաշտութեան եղանակ մը սկսի խաղաղ ապագայի հեռանկարով։
Սուրիոյ ու միջին արեւելքի քրիստոնեաներու փափաքը այն է ''կարենալ շարունակել ապրիլ այն վայրերուն մէջ ուր հնչեց փրկութեան առաջին աւետիսը'' - ինչպէս յաճախ կը կրկներ յիշատակի արժանի Հայր Մուրատը։








All the contents on this site are copyrighted ©.