Սայտայի Մէջ. Շէյխ Ասիրի Զինեալները Թիրախ Կը Դարձնեն Բանակը. Բանակը Վճռակամութիւն Կը
Ցուցաբերէ Ասիրի Երեւոյթը Արմատախիլ Ընելու Իմաստով
Սայտայի մէջ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր տիրող լարուածութենէն եւ զգուշաւոր հանդարտութենէն
ետք, երէկ կէսօրէ ետք ստեղծուեցաւ պատերազմական վիճակ մը, որուն պատճառը բանակին դէմ
հասած հարուածն էր: Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի կողմէ բանակին
դէմ անոր տարածած գրգռութիւններուն պատճառով երէկ շէյխ Ասիրի հետեւորդ ահաբեկիչները լիբանանեան
բանակին կռնակէն հարուած մը իջեցուցին` յարձակելով իրենց ապահովական խարիսխին մօտ գտնուող
բանակի անցարգելի մը վրայ եւ սպաննելով ու վիրաւորելով անոր սպաներն ու զինուորները,
ինչպէս նաեւ նռնականետերու եւ հրթիռներու թիրախ դարձնելով բանակին մեքենաները: Սայտա
երէկ քանի մը վայրկեանի ընթացքին վերածուեցաւ պատերազմի դաշտի, որուն ընթացքին շէյխ Ասիրի
զինեալներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ: Բախումներուն
ընթացքին օգտագործուեցան գնդացիրներ եւ «Էր. Փէ. Ժէ.» եւ «Պէ. 7» տիպի նռնականետեր, ինչպէս
նաեւ հրասանդեր: Արձանագրուեցաւ նաեւ արձակազինութիւն: Ասիրի հետեւորդները առանց պատճառի
կրակ բացին բանակին վրայ եւ սպաննեցին անոր սպաներն ու զինուորները: