2013-06-25 11:49:48

Պրազիլի Եկեղեցւոյ Դիրքը Բողոքի Ցոյցերուն Ի Տես. ''Հարկաւոր Է Անսալ Ժողովուրդին Աղաղակին''։


Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը իր զօրակցութիւնn ու նեցուկը յայտնեց ցուցարարներուն մատնանշելով որ ամբոխին աղաղակը կը դրսեւորէ Պրազիլի ժողովուրդին խիղճն ու կամքը։ Պետութեան կ'իյնայ անսալ անոնց բողոքին ու ընդառաջել անոնց արդար պահանջներուն լաւագոյն ընկերութեան մը կերտումին համար։
Եպիսկոպոսներուն համար ցուցարարներու պահանջքը արդար է եւ կ'ապացուցանէ որ կարելի չէ ապրիլ անհաւասար ընկերութեան մը մէջ։ Պրազիլցիները պատրաստ են պաշտպանելու իրենց իրաւունքն ու արժանաւորութիւնը։
Իսկ ի տես յառաջիկայ օրերուն նշուելիք ''երիտասարդներու համաշխարհային օրերուն'' Րիոյի Արքեպսիկոպոսը գերապայծառ Դեմբեսդա ընդգծած է թէ ''կաթողիկէ երիտասարդները կը ձգտին աւելի լաւ ընկերութեան կերտումին, իրենց սրտին մէջ ունենալով միշտ Քրիստոսը'', Երիտասարդներու Համաշխարահյին օրը - շարունակած է Պրազիլի Արքեպիսկոպոսը - կը համախմբէ երիտասարդներ որ Քրիստոնէական արժէքներով ոգեւորուած փափաք ունին աշխարհը բարեփոխելու տոգորուած արդարութեամբ եւ խաղաղութեամբ լի սրտով, որ տարբեր մօտեցումով կը հակի Պարիզիլի պահանջներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.