2013-06-25 11:50:58

Յունուար-Յունիսի Ընթացքին Սուրիահայ Աւելի Քան 850 Ընտանիք Աջակցութիւն Ստացած է. Երեւանի Քաղաքապետարան


Նախորդ շաբաթ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ վարչական շրջաններու մէջ ընդունելութեան մասնակցած համապատասխանաբար 49 եւ 130 քաղաքացիներու հարցերու զգալի մասին տեղւոյն վրայ տրուած է համապատասխան լուծումներ:
Վերահսկողութեան վարչութեան պետը զեկուցած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանի համապատասխան ստորաբաժանումներուն մէջ, քաղաքապետարանի ենթակայութեան ծառայութիւններուն մէջ գործող թէժ գիծերու հեռախօսահամարներուն նախորդ շաբթուան ընթացքին եղած է 218, վարչական շրջաններու ղեկավարների աշխատակազմերուն մօտ` 110 հեռախօսազանգ: Բարձրացուած հարցերուն մեծ մասին տրուած է համապատասխան լուծում, մնացածը ընթացքի մէջ է:
Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան՝ անդրադառնալով թէժ գիծերու աշխատանքին՝ ընդգծած է, որ ամենօրեայ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ քաղաքացիները կը տեսնեն արագ եւ գործնական լուծումներ իրենց կողմէ բարձրացուող հարցերուն.
“Մեր քաղաքացիների շրջանում դրական արձագանքն ակնյայտ է: Զգացւում է նաեւ բնակչութեան վստահութիւնը վարչական շրջանների եւ քաղաքապետարանի համապատասխան ստորաբաժանումների նկատմամբ: Սա բնակիչների հետ յետադարձ կապն ամրապնդելու կարեւոր քայլ էր: Մենք պէտք է շարունակենք աշխատանքն այն առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու համար”,- յատկանշած է Տարօն Մարգարեան:
Սուրիահայ նիւթապէս անապահով ընտանիքներուն շարունակաբար ցուցաբերուող աջակցութեան վերաբերեալ հասարակական ապահովութեան վարչութեան պետը զեկուցած է, որ Յունուար-Յունիսի ընթացքին տարատեսակ աջակցութիւն ստացած է սուրիահայ աւելի քան 850 ընտանիք, որուն 352-ը` միայն վերջին ամսուան ընթացքին: Քաղաքապետը յանձնարարած է շարունակել ցուցաբերուող աջակցութիւնը եւ մշտական ուշադրութեան կեդրոնին պահել սուրիահայերու հետ կապուած հարցերը







All the contents on this site are copyrighted ©.