2013-06-25 12:33:47

Կարտինալ Գոխի Գնահատումով Կաթողիկէներու Եւ Լիւտերականներու Հաշտութիւնը Ճշմարիտ Զղջում Ու Ապաշխարանք Կը Պահանջէ։


Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Գոխի գնահատումով կաթողիկէներու եւ Լիւտերականներու միութիւնը կը պահանջէ զղջում ու ապաշխարութիւն անցեալի վէրքերը դարմանելու համար։ ''Առանց զղջումի չկայ հաշտութիւն'' ըսաւ կարտինալը։ Վերանորոգումը յառաջ բերաւ եկեղեցիներու բաժանում, կրօնական ահաւոր պատերազմներ, մասնաւորապէս երեսուն տարուայ պատերազմ, անհասկացողութիւններ ու բազմաթիւ վէրքեր, որ կարելի չէ դարմանել առանց զղջումի։ Ապա կարտինալը ըսաւ ''50 տարիէ կ'աշխատինք վերագտնել միութեան հիմերը երկխօսութեան ճամբով, յույսով եմ որ վերանորոգումի միացեալ յիշատակութիւնը` 2015-ին, պիտի սատարէ նոր քայլի մը արձանագրութեան միութեան ճանապարհով։ Կարտինալ Գոխ ապա մատնանշեց որ քրիստոնեաներու միութեան շարժումը սկսաւ աղօթքով։ Աղօթքը հիմն է միութեան, մենք մարդիկս կարող չենք միութիւն հաստատել առանց Տիրոջ օգնութեան։ Միութիւնը Ս. Հոգւոյն շնորհքն է։
Յայտնենք որ անցեալ 17 յուլիսին Կաթողիկէներն ու Լիւտերանականները հրապարակեցին միացեալ վաւերաթուղթ մը, որ կը խօսի անցեալի տխուր պատմութեան մասին։ Վաւերաթուղթը նաեւ կը նախատեսէ փնտռտուքի հեռանկարներ երկու եկեղեցիներու ''տեսանելի միութեան'' ։ 2015-ին, առաջին անգամուան համար, կը նախատեսուի համամիութենական միացեալ ծիսակատարութիւն մը յիշելու Վերանորոգումի 5րդ դարարարձը։ Յայտնենք որ վաւերաթուղթը պտուղն է երեք տարիներու միացեալ աշխատանքին քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի եւ լիւտերանական համաշխարհային դաշնակցութեան միջեւ։ ''Ընդհարումէն միութիւն'' վերատռութեամբ երկարաշունչ վաւերաթուղթը կը ներփակէ 6 գլուխներ որոնք կը խօսին Մարթին Լիւտերի պատմութեան ու աստուածաբանութեան մասին (1483-1546), կաթողիկէ եկեղեցւոյ հակազդեցութեան ու Վերանորոգումի եւ երկխօսութեան յեղաշրջումի կաթողիկէներու եւ լիւտերականներու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.