2013-06-25 12:18:36

«Հայ Քրիստոնեայ Երիտասարդաց Առաքելութիւն Դէպի Հայաստան»ի Մասնակիցներու Հաւաք


ՊԸՐՊԵՆՔ.- Յունիս 8ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ, «Հայ քրիստոնեայ երիտասարդաց առաքելութիւն դէպի Հայաստան» ծրագիրի 2013ի մասնակից ուխտաւորները հաւաքուեցան առաջնորդարան՝ նախապատրաստական աշխատանք կատարելու եւ հարկ եղած ծանօթութիւնները ստանալու համար:
Սրբազան հայրը օրհնեց 11 մասնակիցները եւ անոնց մաղթեց հոգեպէս հարստացնող այցելութիւն մը: Ուխտաւորները Լոս Անճելըսէն պիտի մեկնին Յունիս 27ին եւ պիտի վերադառնան Յուլիս 28ին: Հայաստան գտնուած օրերուն, երիտասարդները փորձառութիւն ձեռք պիտի բերեն իրենց ասպարէզէն ներս, պիտի ճամբորդեն Արցախ, պիտի այցելեն վանքեր եւ պատմական յուշարձաններ: Այս տարի անոնք պիտի մասնակցին երկու ծրագիրներու՝ կառուցել երիտասարդաց կեդրոն Ծովինար գիւղին մէջ, Մարտունի շրջանը, եւ քանի մը օր տրամադրել «Ֆուլըր» կեդրոնի շինարարական աշխատանքներուն մասնակցելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.