2013-06-24 14:03:41

Յոյսի Շաբաթ Պէլճիքայի Մէջ:


24էն 27 Յունիս Պէլճիքայի մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Յոյսի Շաբաթը'' խորագրով ձեռնարկ մը, կազմակերպուած` Եւրոպայի համահաւաք եպիսկոպոսներու դասի խորհուրդին կողմէ, յիշատակելու համար, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին ''Եկեղեցին Եւրոպայի մէջ'' Առաքելական յորդորագիրի 10րդ ամեակը ։''Յոյսի շաբաթ'' նախաձեռնութեան կէտնպատակն է յոյս ընծայել։
Յոյսի Շաբաթ-ի յայտագիրը կը նախատեսէ առօրեայ երեք հանդիպումներ։ Առաւօտեան` աղօթքի հանդիպում, յետմիջօրէին` բանավէճ իսկ երեկոյեան գաղափարներու փոխանակում։
Շաբթուայ խորհրդածութիւններուն շարքին են` հաւատացեալին ներկայութինը այսօրուայ ընկերութեան մէջ, տարբեր հաւատքներու համակեցութիւնը, կնոջ դերը ընկերութեան մէջ, հալածանքեր եւ նահատակութիւն, աղքատներու ծառայութիւն։
Կը շօշափուին նաեւ զանազան այլ նիւթեր ինչպէս կրթութիւն, տնտեսականութիւն, գաղթականութիւն եւ ոճրագործութեան դէմ պայքար։
Յոյսի Շաբաթը վերջ կը գտնէ Նոդր Տամ Տիւ Սապլոնի տաճարին մէջ մտուցուած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ զոր կը նախագահէ եւրոմիութեան մօտ Առաքելական նուիրակ` Գերապայծառ Ալէն Լէպոբէն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.