2013-06-24 14:30:03

ՀՀ Նախագահը Նիկոլայ Պատրուշեւի Հետ Քննարկած է Հայ­Ռուսական Փոխգործակցութիւնը


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 23-ին ընդունած է աշխատանքային այցով Հայաստան ժամանած Ռուսաստանի Դաշնութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիկոլայ Պատրուշեւը: Այս մասին կը յայտնեն նախագահի մամուլի գրասենեակէն:
Զրուցակիցները քննարկած են ռազմավարական դաշնակից երկու պետութիւններուն միջեւ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ եղած է նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ մարտահրաւէրներուն, ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացի ներկայ վիճակին:
ՀՀ նախագահը եւ ՌԴ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը խօսած են նաեւ սահմանային անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս նախատեսուած ՀՀ պետական սահմանի ողջ երկայնքով անվտանգութեան մակարդակի էական բարձրացման, անցակէտերու արդիականացման եւ վերազինման ուղղութեամբ աշխատանքներուն ընթացքին







All the contents on this site are copyrighted ©.