2013-06-24 14:04:50

Թրքական Ոստիկանութիւնը Թաքսիմը Դարձեալ Կ՛առնէ Իր Վերահսկողութեան Տակ


Ցուցարարներու հետ ժամեր տեւած բախումներէ ետք, թրքական ոստիկանութիւնը երէկ արշալոյսին Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակն ու անոր շուրջ գտնուող թաղամասերը դարձեալ առաւ իր վերահսկողութեան տակ:
Թրքական ոստիկանութիւնը ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ օգտագործեց` ցրուելու համար հազարաւոր ցուցարարները, որոնք քանի մը օր տեւած հանդարտութենէ ետք վերադարձան հրապարակ:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 2.5 միլիոն քաղաքացիներ մասնակցած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութեան դէմ Թուրքիոյ 81 նահանգներէն 79-ին մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն: Արեւելեան Թուրքիոյ Պինկէօլ եւ Սեւ Ծովու Փափուրթ նահանգներուն մէջ ցոյցեր տեղի չեն ունեցած:
Ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալուած են 4900 անձեր, վիրաւորուած են 4000 անձեր, ներառեալ` 600 ոստիկաններ: Նիւթական վնասներու շարքին են կուսակցական 14 կեդրոնատեղիներ, որոնց շարքին` ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան մէկ կեդրոնատեղին:
Մինչ այդ, թրքական գաղտնի սպասարկութենէն` ՄԻԹ-էն պատուիրակութիւն մը երէկ քանի մը ժամուան համար այցելեց Գահիրէ, ուր եգիպտացի պաշտօնատարներու հետ քննարկեց շրջանի վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար Թուրքիոյ ու Եգիպտոսի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները եւ Սուրիոյ տագնապը:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր Սամսոնի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Պրազիլի մէջ նոյն դաւը գոյութիւն ունի: Խորհրդանիշները, պաստառները, «Թուիթըր»-ը եւ միջազգային լրատուամիջոցները նոյնն են: Անոնք ամէն ինչ կ՛ընեն իրագործելու այն ամէնը, որ Թուրքիոյ մէջ չկրցան իրագործել»:







All the contents on this site are copyrighted ©.