2013-06-24 14:04:14

«Սուրիոյ Կացութիւնը Խոր Կսկիծ Է Մեզի Համար» Շեշտեց Եազիժի Պատրիարքը


Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին նախագահութեամբ, շաբաթավերջին Պալամանտ վանքի եկեղեցւոյ մէջ աղօթք մատուցուեցաւ առ ի զօրակցութիւն Հալէպի մէջ առեւանգուած առաջնորդներ Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն: Եազիժի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք կը ցաւին Սուրիոյ մէջ արձանագրուող բռնարարքներուն համար` աւելցնելով, որ Սուրիոյ այսօրուան կացութիւնը իրենց համար խոր կսկիծ է եւ շեշտելով միաժամանակ, որ երկու առաջնորդներուն կեանքը համակ նուիրում եղած է իրենց ժողովուրդին:
«Մենք կը խոնարհինք այդ ծառայութեան դիմաց եւ կը մաղթենք անոնց ազատ արձակումը», ըսաւ ան:
Եազիժի պատրիարքը մաղթեց նաեւ, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի դառնայ:
Նշենք, որ առեւանգուած առաջնորդներուն համար մատուցուած աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ իսլամ համայնքը եւ քրիստոնեայ այլ յարանուանութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.