2013-06-23 12:00:43

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը:


Կիրակի 23 յունիսի կէսօրին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներու մասին քաղուած Ղուկասի աւետարանէն (գլ. 9, 24) ուր Յիսուս կ՛ըսէ '' Ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել, պիտի կորսնցնէ զայն, իսկ ով որ իր կեանքը կորսնցնէ ինծի համար, պիտի փրկէ զայն''։
Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով 2000 տարուայ պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ նահատակներուն, հաստատեց թէ ''կեանքը կորսնցնել'' կը նշանակէ ''հաւատքը դաւանիլ'' եւ ապա ''ճշմարտութիւնը պաշտպանել'' մատնանշելով թէ բազմաթիւ մարդիկ, աշխարհականներ եւ կրօնաւորներ, կը շարունակեն իրենց առօրեային մէջ դաւանիլ հաւատքը ու պաշտպանել ճշմարտութիւնը, նոյնիսկ ոչ քրիստոնեաներու միջեւ։ Ան ապա յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Կարապետը որպէս ''ճշմարտութեան ի սպաս նահատակութեան'' տիպար որուն տօնը կը նշուի 24 յունիսին։
Սիրելի բարեկամներ - ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակելով - ուրախութեամբ ընդունինք Յիսուսի խօսքերը որ բոլորին առաջարկուած` կեաքնի ուղեցոյց մըն են։
Ան ապա Աստուածամօր հովանիին յանձնելով հաւատացեալները տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.